Քարլօ Աքութիսի եւ Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթիի սրբադասման արարողութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի եօթը սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը տասին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց երկու երիտասարդ իտալացի երանելիներու սրբադասման արարողութիւնը` Քարլօ Աքութիս եւ Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթի։
Քարլօ Աքութիս
Երանելի Քարլօ Աքութիսը ծնած էր 1991թ. Լոնտոն ապա ապրած Միլան: Ան իր մահկանացուն կնքեց վաղ հասակին 2006-ին, լէյկոզի հիւանդութեան հետեւանքով։ Աստծոյ ծառայ հռչակուեցաւ 2018ին: 2019-ի ապրիլի 5-ին անոր աճիւնը հանդիսաւոր կերպով փոխադրուեցաւ Ասսիզիի Սանթա Մարիա Մաճճորէ սրբավայր: Անոր երանացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ համաճարակի տարուան ընթացքին `10 հոկտեմբեր 2020-ին
Քարլոն կեանքին մէջ իրեն հիանալի ընկեր մը գտած էր ՝ Յիսուսը: Եւ կը ցանկանար իր այդ թանկարժէք Գանձը կիսել բոլորին հետ, եւ ասոր համար դարձաւ առաքեալ՝ շնորհիւ իր շատ սիրած համակարգչային արուեստագիտութեան։ Ան ստեղծած էր Սուրբ Հաղորդութեան հրաշքներուն նուիրուած առցանց հարթակ, որպէսզի բոլորին պատմէր Յիսուսին հետ իրական հանդիպման ուրախութեան փորձառութիւնը։
Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթի
Իսկ Երանելի Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթին ծնած էր Թորինօ քաղաք վեց ապրիլ 1901 թուականին ու մահկանացուն կնքած իր ծննդավայրին մէջ 4 Յուլիս 1925-ին։ Ան եղած է իտալացի ուսանող, բարերար, լեռնագնաց և Տոմինիքեան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու անդամ։ Անդամ էր նաեւ Սուրբ Վէնսան տը Փոլի ընկերութեան, Իտալական կաթողիկէ համալսարաններու դաշնութեան և Կաթողիկէ Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումին։
Փիեր Ճորճոն իր կեանքը նուիրեց աղքատներու օգնութեան, աւետարանութեան ու իր քաղաքի քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ յանձնառումին, միշտ առաջնորդուելով կաթողիկէ խոր եւ ամուր հաւատքով մը։
Ան երանելի հռչակուեցաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրով 20 Մայիս 1990 թուականին։ Անոր անապական մարմինը կը հանգչի Թորինոյի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ։
Լեւոն ԺԴ. Քարոզը
Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած սրբադասման արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Պապը մեկնաբանեց «Իմաստութիւն Սողոմոնի» գիրքէն քաղուած օրուան առաջին ընթերցումը, որուն մէջ Սողոմոն Թագաւորը հարց կու տայ. «Ո՞վ կատող էր իմանալ քու կամքդ, եթէ դուն անոր իմաստութիւն չտայիր», որովհետեւ հասկցած էր թէ միակ ուղին կեանքի իմաստի պատասխանը գտնելու համար, Աստուծմէ մեծ շնորհքի մը պարգեւը խնդրելն էր, Իմաստութեան պարգեւը, հասկնալու համար անոր ծրագիրները եւ անոր յարելու հաւատարմութեամբ։ «Որովհետեւ կեանքին ամենամեծ վտանգը այն է` զայն վատնել Աստուծոյ ծրագիրէն դուրս» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Յիսուս եւս Աւետարանին մէջ մեզ կը հրաւիրէ իրեն հետեւելու վճռակամութեամբ ու կրելու մեր խաչը, հրաժարելով այն ամէն բաներէն, որոնք մեզ կը կաշկանդեն եւ այս հրաւէրը ուղղուած է յատկապէս երիտասարդներուն, որոնք նման Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին եւ այլ սուրբերուն գիտցան այո՛ ըսել Աստուծոյ, նոյնիսկ արմատական կերպով իրենց կեանքը փոխելու գնով, աւելցուց ի միջի այլոց Քահանայապետը, որ ապա ակնարկեց երկու Սուրբերու տիպարներուն` քսաներորդ դարու սկիզբի երիտասարդ Փիեր Տորճօ Ֆրասսաթիին եւ մեր օրերուն երիտասարդ մը Քարլօ Աքութիսի, որոնք սիրահարուած են Յիսուսին եւ պատրաստ ամէն ինչ անոր պարգեւելու։
Փիեր ՃորՃոն իր հաւատքը ապրեցաւ գործունեայ կերպով և ուրախութեամբ՝ մասնակցելով եկեղեցական կեանքին և օգնութիւն մատուցելով աղքատներուն: Ան յայտնի էր որպէս «Ֆրասսաթի փոխադրական ընկերութիւն» իր անխոնջ բարեգործական ծառայութեան համար: Անոր կեանքը եղաւ վկայութիւն մը ընկերութեան մէջ քրիստոնէական յանձնառումին։
Քարլօ Աքութիսը, Յիսուսի հանդիպեցաւ ընտանիքին մէջ, իր ծնողներու շնորհիւ, Անտրէան եւ Անթոնիան, որոնք ներկայ են այստեղ, անոր եղբայրներուն հետ միասին, Ֆրանչեսքա եւ Միքելէ, ապա դպրոցին մէջ ու յատկապէս Խորհուրդներուն մէջ, իրար միահիւսելով հաւատքը եւ առօրեայ կեանքը։ Ան նուիրուած էր Հաղորդութեան, Խոստովանանքին, Սուրբ Կոյս Մարիամին և սուրբերուն։ Ան կ՛ըսէր` որ «Արեւին տակ մարդը կը սեւնայ, Սուրբ Հաղորդութեան առջեւ սուրբ կը դառնայ» ու թէ «դարձը պարզապէս հայեացքը դէպի վեր ուղղելն է»։
Երկուքն ալ ապրեցան «քովի դռան սրբութիւնը», կազմուած փոքր արարքներէ, աղօթքէ, ու ամենավերջիններուն նկատմամբ սիրով։ Նոյնիսկ հիւանդութեան մէջ անոնք շարունակեցին սիրել եւ իրենց կեանքը նուիրել Աստուծոյ։ Փիեր Ճորճոն մահուան օրը կը համարէր կեանքի ամենագեղեցիկ օրը, մինչդեռ Քարլոն Երկնքի մասին կը խօսէր որպէս յոյսով սպասելիք նպատակ։
«Սիրելիներ Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթին եւ Քարլօ Աքութիսը, մեզ բոլորս, յատկապէս երիտասարդներուն, կը հրաւիրեն, չվատնել մեր կեանքը, այլ զայն ուղղորդել դէպի վեր եւ դարձնել գլուխգործոց» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. նշելով, որ անոնք մեզ կը խրախուսեն իրենց խօսքերով. «Ոչ թէ ես, այլ Աստուած», կ՛ըսէր Քարլոն,ի սկ Փիեր Ճորճոն, «Եթէ ձեր բոլոր գործողութիւններու կենտրոնը Աստուած է, ապա դուք կը հասնիք աւարտին»։ Սա անոնց սրբութեան պարզ, բայց յաղթական բանաձևն է։ Եւ նաեւ այն վկայութիւնն է, որուն մենք կոչուած ենք հետևելու՝ կեանքը վայլելու լիարժէք կերպով և ընթանալու դէպի Տէրը անոր հետ հանդիպելու Երկնքի տօնակատարութեան ժամանակ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
