«Թող որ կրօնները միութեան խմորիչ ըլլան մասնատուած աշխարհի մէջ»․ Լեւոն ԺԴ․ Պապի աղօթքի դիտաւորութիւնը
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Թող` որ կրօնները միութեան խմորիչ ըլլան մասնատուած աշխարհի մէջ»։
Հրատարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ․ Պապին Հոկտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը, որ նուիրուած է տարբեր կրօնական աւանդոյթներու համագործակցութեան։
Այս աղօթքի դիտաւորութիւնը կը զուգադիպի «Nostra Aetate»ի՝ Վատիկանեան Բ.․ Տիեզերական Ժողովի Հռչակագիրի 60-ամեակին հետ, որ վերափոխեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները այլ կրօններու հետ՝ բանալով երկխօսութեան, յարգանքի եւ համագործակցութեան ուղիներ:
Թող, որ կրօնները, կը նշէ Լեւոն ԺԴ․ իր լսատեսողական պատգամին մէջ, չ’օգտագործուին որպէս «զէնքեր կամ պատեր», այլ ընկալուին որպէս «կամուրջներ եւ մարգարէութիւն»։
Հակամարտութիւններով յատկանշուած մեր ժամանակաշրջանին, Պապը կը հրաւիրէ բոլոր հաւատացեալները փնտռել այն ամէն ինչը, որ մեզ կը միաւորէ՝ «պաշտպանելու եւ խթանելու խաղաղութիւնը, արդարութիւնը եւ մարդկային եղբայրութիւնը»։
Պատգամին մէջ, որ ինչպէս միշտ տարածուեցաւ «Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցի» նախաձեռնութեամբ, Սրբազան Պապը կ՛ըսէ
Աղօթենք, որպէսզի մենք՝ տարբեր կրօնական աւանդոյթներու հաւատացեալներս, միասին աշխատինք՝ պաշտպանելու եւ խթանելու խաղաղութիւնը, արդարութիւնը եւ մարդկային եղբայրութիւնը։
Տէր Յիսուս,
Դուն, որ բազմազանութեան մէջ միայն մէկ հատիկ ես
եւ սիրով կը նայիս իւրաքանչիւր մարդու,
օգնէ մեզի ճանչնալու մէկը միւսը` որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր՝
կոչուած ապրելու, աղօթելու, աշխատելու եւ երազելու միասին։
Կ’ապրինք գեղեցկութեամբ լի՝ բայց նաեւ
խոր բաժանումներով վիրաւորուած աշխարհի մէջ։
Երբեմն կրօնները, փոխանակ մեզ միաւորելու,
Կը դառնան հակամարտութեան աղբիւր։
Տու՛ր մեզի Քո Հոգիդ՝ մաքրելու մեր սրտերը,
որպէսզի կարողանանք ճանչնալ այն, ինչ որ մեզ կը միացնէ
եւ նորէն սորվինք լսել
եւ համագործակցել՝ առանց ոչնչացնելու։
Թող` որ կրօններու մէջ խաղաղութեան,
արդարութեան եւ եղբայրութեան առարկայական օրինակները
ոգեշնչեն մեզ հաւատալու, որ հնարաւոր է ապրիլ
եւ աշխատիլ միասին՝ մեր տարբերութիւններէն անդին։
Թող` որ կրօնները չօգտագործուին որպէս զէնք կամ պատեր,
այլ ընկալուին, որպէս կամուրջներ եւ մարգարէութիւն՝
հասանելի դարձնելով ընդհանուր բարիքի երազանքը,
ուղեկցելով կեանքին, պահպանելով յոյսը,
եւ դառնալով միութեան խմորիչ մասնատուած աշխարհի մէջ։
Ամէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
