Եւրոպական հաստատութիւնները կարիքը ունին առողջ աշխարհականութեան ունակ անձերու․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը, այսօր՝ 29 Սեպտեմբերին ընդունեց Եւրոպական Խորհրդարանի Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութեան (EPP) «Միջմշակութային եւ միջկրօնական երկխօսութեան աշխատանքային խումբի» շուրջ 15 անդամները։
Երկխօսութիւն կը նշանակէ ամուր արմատներ Աւետարանի եւ զայն մարմնաւորող արժէքներու մէջ
«Մշակոյթներու եւ կրօններու միջեւ երկխօսութեան խթանումը քրիստոնէական ներշնչումով քաղաքական գործիչի համար որոշիչ նպատակ է», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը այս առիթով անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը՝ յոյս յայտնելով, որ անոնց նախաձեռնած աշխատանքը իր լաւագոյն արգասիքները կը բերէ։
«Երկխօսութեան այրեր եւ կիներ ըլլալը», ըստ Քահանայապետին կը նշանակէ ամուր արմատներ ունենալ Աւետարանի եւ զայն մարմնաւորող արժէքներու մէջ»՝ զարգացնելով, միեւնոյն ժամանակ, բացութիւն, լսելով եւ շփուելով այլ ծագում ունեցող մարդկանց հետ՝ միշտ առանցքին ունենալով մարդկային անհատը եւ անոր արժանապատւութիւնը։
Իսկական կրօնական չափումը մեծապէս կը նպաստէ մարդկանց ձեւաւորման
Ընդգծելով մարդկային յարաբերութիւններուն այսօր արժէք եւ իմաստ հաղորդելու կարեւորութիւնը, Լեւոն ԺԴ․ Քահանայապետը շեշտեց թէ՝ «միջկրօնական երկխօսութեան ի նպաստ աշխատիլ կը նշանակէ ինքնին ճանչնալ կրօնի արժէքը ըլլայ անձնական, ըլլայ ընկերային մակարդակի վրայ», հետեւաբար, «կրօնական չափումը, երբ իսկական է եւ լաւ մշակուած, որակ կը հաղորդէ միջանձնական յարաբերութիւններուն եւ մեծապէս կը նպաստէ մարդկանց ձեւաւորման՝ համայնքէն ներս եւ հասարակութեան մէջ ապրելու համար»։
Առողջ աշխարհականութեան եւ կրօնի արժէքը հաստատող գործելաոճ
Եւրոպական հաստատութիւնները կարիքը ունին առողջ աշխարհականութեան ունակ անձերու, կրօնի արժէքը հաստատող մտածողութեան եւ գործողութեան ոճի՝ պահպանելով եւ չշփոթելով քաղաքական ոլորտի նկատմամբ տարբերակումը, նշեց ապա Սրբազան Քահանայապետը եւ որպէս օրինակներ մատնանշեց Ռոպերթ Շումանին, Քոնրատ Ատենաուերին եւ Ալչիտէ տէ Կասբերիին։
Պապը աւարտեց իր պատգամը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով եւ Տիրոջ օրհնութիւնը բաշխելով անոնց եւ անոնց աշխատանքին վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
