Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Աստուծմէ եկող ուժով է որ կրնանք մեծ բաներ կատարել

Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Քարմելիթեաններուն Փոպիկ կրօնաւորուհիներ, Սրբուհի Քաթերինա եւ Անարատ յղութեան Սալեզեան քոյրեր միաբանութիւններուն անդամները, անոնց տարեկան ընդհանուր ժողովի առիթով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 22 սեպտեմբերին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Քարմելիթեաններուն Փոպիկ կրօնաւորուհիներ, Սրբուհի Քաթերինա եւ Անարատ յղութեան Սալեզեան քոյրեր միաբանութիւններուն անդամները, անոնց տարեկան ընդհանուր ժողովի կապակցութեամբ։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ նորին Սրբութիւնը ողջունեց կրօնաւորուհիները բարձր գնահատեց միաբանութիւններուն ծագումը բնութագրող քաջութիւնը։

Մէջբերելով Առակներուն գիրքէն հետեւեալ հատուածը «Թէ առաքինի կին գտնուի, այնպիսին թանկ է բոլոր գոհարներէն» (Առակներ 31,10).
նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ անոնց պատմութիւնները հետեւեալ հարցումին պատասխանն է, թէ ինչպէս Աստուած բազմաթիւ կանանց մէջ կը գտնէ ուժ եւ քաջութիւն պատասխանելու համար Իր կոչումին, երբեմն մինչեւ նահատակութեան աստիճան։

Քահանայապետը ապա զուգահեռութիւն մը կազմեց Հոգեւոր ուժի եւ առաքելական նուիրուածութեան միջեւ՝ բացատրելով, որ երկուքին աղբիւրը Քրիստոսն է ու այս ուժէն օգտուելու միջոցներ աղօթքը, Սուրբ Խորհուրդները, Աստուծոյ հետ մտերմութիւնն են։ Լոկ Աստուծմէ եկող ուժով է հնարաւոր է կատարել մեծ բաներ, նոյնիսկ եթէ մենք մեզ կը զգանք «անօգուտ ծառաներ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Ան ապա յղում կատարելով Սուրբ Օգոստինոսի եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին, Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ խոնարհութեան եւ Աստուծոյ յանձնուելու՝ աշխարհի շօշափելի նուիրուածութեան հետ համատեղելու կարեւորութեան մասին։ Անդրադարձաւ Վերափոխման լեռը բարձրանալու պատկերին ՝ Աստուծոյ հետ մտերմութիւնը վայելելու համար, ինչպէս նաեւ «Հովիտ իջնելու» պատկերին՝ ամենօրեայ իրականութիւնն ու խաչի ճանապարհը ապրելու համար։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը յատուկէն ողջունելով Սուրբ Երկրի Քարմելիլթեան միանձնուհիները՝ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց լուր վայրերու մէջ կատարած աղօթքներուն եւ ներկայութեան համար, ընդգծելով որ անոնց դերը՝ խաղաղութեան համար մշտական աղօթքով եւ Աստուծոյ հանդէպ վստահութեան վկայութեամբ, մեծ նշանակութիւն ունի։

Քահանայապետը պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով կրօնաւորուհիներուն՝ աշխարհի մէջ կատարած աշխատանքներուն համար շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2025, 11:38