2025.09.05 Consiglio dei Giovani del Mediterraneo

Եղէք խաղաղութեան ծիլեր. Lեւոն ԺԴ. Պապին ճառը Միջերկրածովեան երիտասարդական խորհուրդին

«Խաղաղարար ըլլալը դիւրին գործ չէ. ան մեզ դուրս է կը մղէ մեր հանգստաւէտութեան գօտիներէն՝ որ կազմուած է շեղած ուշադրութիւնէ և անտարբերութիւնէ, և կարող է դիմադրութիւն գտնել անոնց կողմէ, որոնք հետաքրքրուած են հակամարտութիւններու շարունակութեամբ» նշեց Քահանայապետը ու քաջալերեց երիտասարդները` ըլլալու «խաղաղութեան ծիլեր, այնտեղ ուր կ՛աճի ատելութիւնը, միութիւն հիւսողներ` այնտեղ ուր կայ թշնամանք, ձայն անոնց` որոնք ձայն չունին, պահանջելու համար արդարութիւն եւ արժանապատւութիւն, եղէք աշխարհի աղն ու լոյսը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 5 սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու, Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Միջերկրածովեան երիտասարդական խորհուրդի անդամներուն, որոնք Վատիկան ժամանած են առաջնորդութեամբ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղարին։

Զանոնք ընդունելով Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց թէ ինչպէս անոնք հակառակ իրենց տարբեր ծագումներուն, լեզուներուն ու մշակոյթներուն, միացած են մէկ մեծ իղձով մը` այն է ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համակեցութիւնը, յատկապէս Միջերկրական ծովուն շուրջ ապրողները։ Ծով` որ կարող է դառնալ վայր հանդիպումի եւ եղբայրութեան։

Միջերկրականը  համաշխարհային խաղաղութեան մեկնակէտ

Քահանայապետը յիշեց ապա Իտալական Եկեղեցիի նախաձեռնած խորհրդածութեան եւ հոգեւորականութեան պահերը` Պարի քաղաքին մէջ 2020-ին ապա Ֆիրեցնէ 2022-ին, որոնք ներշնչում քաղած են Երանաշնորհ քաղաքական անձնաւորութիւն` Giorgio La Pira-էն, որ Միջերկրականին մէջ կը տեսնէր համաշխարհային խաղաղութեան մեկնակէտը։

Դառնալ գործունեայ դերակատարներ, յոյսի եւ խաղաղութեան պատգամաբերներ

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց երիտասարդները երբեք չի յուսալքուելու բռնութեան ու հակամարտութեան դիմաց այլ դառնալու գործունեայ դերակատարներ, յոյսի եւ խաղաղութեան պատգամաբերներ, այժմ եւ այստեղ։

Նախագիծը

«Ձեր Խորհուրդը միեւնոյն ատեն նախագիծ է եւ նշան» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. դիտել տալով, որ նախագիծը Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ վստահուեցաւ Միջերկրական ծովի եկեղեցիներուն՝ «վերականգնել խզուած յարաբերութիւնները, վերակառուցել բռնութեան հետևանքով աւերուած քաղաքները, ծաղկեցնել այգին այն վայրին մէջ, որ այժմ անապատ է, յոյս ներշնչել անյոյսներուն և խրախուսել իրենց մէջ փակուածները չվախենալու իրենց եղբայրներէն կամ քոյրերէն» (Հանդիպում Միջերկրական ծովի եպիսկոպոսներուն հետ, Պարի, 23 փետրուար, 2020):

Նշանը 

«Նշանը, սիրելի՛ բարեկամներ, ինքնին դուք էք. Նշանը սերունդի մը, որ տեղի ունեցածը չընդունիր անկաշկանդ կերպով, որ չի նայիր միւս կողմ կամ չի սպասեր, որ մէկ մը ընէ առաջին քայլը։ Դուք կը ներկայացնէք այն սերունդը, որ կը պատկերացնէ աւելի լաւ ապագայ և կ՛ ընտրէ սատարել անոր կառուցման։ Դուք այն աշխարհի նշանն էք, որ չի տրուիր անտարբերութեան և ինքնագոհութեան, այլ յանձն կ՛առնէ աշխատիլ չարը բարիի վերածելու» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը անգլերէն լեզուով արտասանած իր խօսքին մէջ յիշեցնելով նաեւ որ «խաղաղութիւնը սկիզբ կ՜առնէ սրտերէն, եւ կը բացայայտուի առօրեայի յարաբերութիւններուն մէջ, հասարակութեան, ընտանիքներու եւ եկեղեցիներուն մէջ», եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց ներկաները լաւապէս ապրելու միջերկրականի կրօններուն հոգեւոր ժառանգութիւնը` որպէս եղբայրութեան աղբիւր մերժելով կրօնի շահագործումը բռնութիւնները արդարացնելու նպատակով։

Ըլլալ խաղաղութեան ծիլ, միութիւն հիւսող, ձայն անոր որ ձայն չունի

«Խաղաղարար ըլլալը դիւրին գործ չէ. ան մեզ դուրս  կը մղէ մեր հանգստաւէտութեան գօտիներէն՝ որ կազմուած է շեղած ուշադրութիւնէ և անտարբերութիւնէ, և կարող է դիմադրութիւն գտնել անոնց կողմէ, որոնք հետաքրքրուած են հակամարտութիւններու շարունակութեամբ» նշեց ի միջի այլոց Քահանայապետը ու քաջալերեց երիտասարդները` ըլլալու «խաղաղութեան ծիլեր, այնտեղ ուր կ՛աճի ատելութիւնը, միութիւն հիւսողներ` այնտեղ ուր կայ թշնամանք, ձայն անոնց` որոնք ձայն չունին, պահանջելու համար արդարութիւն եւ արժանապատւութիւն, եղէք աշխարհի աղն ու լոյսը այնտեղ ուր կը մարի հաւատքին բոցը եւ կեանքին ուրախութիւնը» շեշտեց ապա Նորին Սրբութիւնը յիշեցնելով Սուրբ Շառլ Տը Ֆուքոյին խօսքերը որ կ՛ըսէր թէ «Աստուած հակառակ քամիները եւս կ՛օգտագործէ, մեզ ապահով նաւահանգիստ հասցնելու համար»։

Նորին Սրբութիւնը առ այդ խօսքը աւարտեց ներկաներուն վրայ հայցելով Խաղաղութեան Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամին հովանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2025, 11:55