Ձեր առաքելութիւնն է՝ ընկալել Քրիստոսի հայեացքը աշխարհի վրայ, մշակել, հաղորդել, վկայել զայն․ Լեւոն ԺԴ.
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Մի քանիներ ձեր ամսագիրն անուանած են «պատուհան դէպի աշխարհ»՝ բաց ըլլալու եւ արդիական իրադարձութիւններուն առնչուելու ունակութեան համար՝ առանց վախնալու մարտահրաւէրներն եւ հակասութիւնները դիմագրաւելէ։ Այս բառերը արտասանեց Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Յիսուսեան Միաբանութեան պատկան «La Civiltà Cattolica» ամսագիրի գրողներու ու համագործակիցներուն ուղղած իր պատգամին սկիզբը, որոնց ունկնդրութիւն շնորհեց այսօր՝ 25 Սեպտեմբերին, ամսագրի հիմնադրման 175 ամեակին առթիւ։
Գնահատելով անոնց ներդրումը Առաքելական Աթոռին մատուցած «հաւատարիմ եւ առատաձեռն ծառայութեան համար», Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց այդ աշխատանքի մէջ երեք կարեւոր ոլորտներու.
· կրթել մարդկանց՝ յանուն աշխարհի մէջ խելացի եւ գործունեայ պարտաւորութեան
· ըլլալ վերջիններու ձայնը
· ըլլալ յոյսի աւետաբերներ
Առաջարկել օգտակար մեկնաբանական գործիքներ՝ այսօրեայ բարդ հասարակութիւնը հասկանալու համար
Առաջին բնոյթին անդրադառնալով, Սրբազան Պապը խրախուսեց` ընթերցողներուն առաջարկել օգտակար մեկնաբանական գործիքներ եւ գործողութեան չափանիշներ աւելի լաւ հասկանալու այսօրեայ բարդ հասարակութեան ուժեղ եւ թոյլ կողմերը՝ որոնելով Տիեզերական Բ Ժողովի կողմէ նախանշած «ժամանակներու նշանները», (Առաքելական Յորդոր Gaudium et Spes, 4): Եւ այդ մէկը, շարունակեց Ան, «հնարաւորութիւն կը ստեղծէ արժէքաւոր ներդրում ունենալու հիմնարար հարցերու շուրջ», որ են՝ ընկերային արդարութիւնը, ընտանիքը, կրթութիւնը, նոր արհեստագիտական մարտահրաւէրները եւ խաղաղութիւնը։
Ըլլալ ամէնէ աղքատներու եւ ամէնէ մեկուսացուածներու ձայնը
Լեւոն ԺԴ․ անդրադարձաւ ապա երկրորդ կէտին՝ ըլլալ ամէնէ աղքատներու եւ ամէնէ մեկուսացուածներու ձայնը, որ, ըսաւ Ան, «իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կեանքի եւ առաքելութեան հիմնարար կողմն» է եւ «կը պահանջէ, նախ եւ առաջ, մեծ եւ խոնարհ կարողութիւն՝ լսելու, մօտ ըլլալու տառապողներուն, անոնց լուռ աղաղակի մէջ ճանչնալու Խաչուածի ձայնը, որ կ’ըսէ. «Ծարաւի եմ» (Յովհաննէս 19:28):
«Միայն այս կերպով հնարաւոր է ըլլալ կարիքաւորներու ձայնի հաւատարիմ եւ մարգարէական արձագանքը՝ կոտրելով մեկուսացման, միայնութեան եւ խլութեան ամէն մէկ շրջանակ», պնդեց Պապը:
Ըլլալ յոյսի պատգամաբերներ՝ հակազդելով անտարբերութեան եւ յուսահատութեան
Անցնելով երրորդ կէտին՝ ըլլալ յոյսի պատգամաբերներ, Սրբազան Հայրը բացատրեց, որ այդ մէկը կը նշանակէ հակազդել անտարբերութեան եւ յուսահատութեան, յիշելով, որ վերջնական յոյսը Քրիստոսի մէջ է՝ ինչպէս որ համոզուած էր Պենետիկտոս ԺԶ Պապը, որ գրած էր թէ՝ «յաջողութիւններէն եւ անյաջողութիւններէն անդին ես գիտեմ, որ «իմ անձնական կեանքը եւ պատմութիւնն ամբողջութեամբ պաշտպանուած են Սիրոյ անխորտակելի զօրութեամբ», եւ, հետեւաբար, ես տակաւին եւ միշտ քաջութիւն կը գտնեմ աշխատելու եւ հետապնդելու (հմմտ. Spe Salvi, 35)։
Ուրախ, հեզ եւ լաւ լրագրութեան միջոցաւ վկայել աշխարհի վրայ Քրիստոսի հայեացքի մասին
Լեւոն ԺԴ․ եզրափակեց պատգամը Ֆրանչիսկոս Պապի երկու տարբեր առիթներով արտայայտած խօսքերով․
Առաջինը՝ «La Civiltà Cattolica»-ի հիմնադրման 175-ամեակի պաշտօնական մեկնարկի առթիւ, երբ խրախուսած էր աշխատանքը շարունակել ուրախ, հեզ եւ լաւ լրագրութեան միջոցաւ՝ լսելով բոլորի ձայները (17 Մարտ, 2025 թուական): Եւ երկրորդ, պարբերաթերթի անուան անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս ըսած էր․ «Ամսագիրը իսկապէս «կաթողիկէ» է միայն այն պարագային, եթէ ունի Քրիստոսի հայեացքը աշխարհի վրայ, եւ եթէ կը փոխանցէ եւ կը վկայէ անոր մասին» (Պատգամ «La Civiltà Cattolica» համայնքին, 9 Փետրուար, 2017 թուական):
Ահաւասիկ ձեր առաքելութիւնը՝ ընկալել Քրիստոսի հայեացքը աշխարհի վրայ, մշակել, հաղորդել, վկայել անոր մասին, ըսաւ ի վերջոյ Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը եւ պատգամը աւարտեց իր օրհնութիւնը բաշխելով ներկաներուն վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
