Giubileo, 120mila giovani a San Pietro per il Papa

Յաղթահարենք ատելութիւնն ու բռնութիւնը. ես կը վստահիմ մարդկային բնութեան». Լեւոն ԺԴ.

Crux եւ El Comercio թերթերը հրապարակեցին Լևոն ԺԴ.-ի լրագրող Էլիզ Անն Ալլենի հետ հարցազրոյցէն հատածներ՝ որոնք մաս կը կազմեն «Լևոն ԺԴ. Աշխարհի քաղաքացի, 21-րդ դարու միսիոներ» հատորին, որ լոյս պիտի տեսնէ 18 սեպտեմբերին: Քահանայապետը կը խօսի իր դերի և Սուրբ Աթոռի խաղաղութեան ջանքերու մասին, կը վերահաստատէ երկխօսութեան ի սպաս կոչը և կ՛ընդգծէ բազմակողմանիութեան անկումը և հարուստներու ու աշխատաւոր դասակարգի միջև աճող անջրպետը: Սիւնհոդոսականութեան մասին Ան կը հաստատէ որ «Եկեղեցին միասին ապրելու ձեւ մըն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Քահանայապետին դերը, անոր բազմաթիւ պարտաւորութիւնները, նոյնիսկ իր հեռախօսազրոյցներու հանրային նշանակութիւնը, ապա՝ խաղաղութիւնը, այն խաղաղութիւնը, զոր Ան ոգեկոչեց Օրհնութիւններու պատշգամէն իր ընտրութեան առաջին օրէն իսկ եւ որ «միակ պատասխանն» է այս աշխարհին, որ յատկանշուած է հակամարտութիւններով և «անիմաստ սպանութիւններով», ապա կոչը՝ երկխօսութեան, ու յիշեցում որ սիւնհոդոսականութիւնը հակաթոյնն է բևեռացումին և վերջապէս՝ ամերիկեան/փերուական «ինքնութիւնը» և Աշխարհի ոտնագունդի ախոյանութեան ժամանակ իր ընտրած խումբը։

Այս նիւթերու շուրջ որոշ հատուածներ նախնական կերպով հրատարակուեցան այսօր` 14 սեպտեմբերին, Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապին եօթանասուներորդ տարեդարձին օրը, եւ մաս կը կազմեն հարցազրոյցի մը, զոր վարեց լրագրող Էլիզ Անն Ալլենը, եւ որ Լեւոն ԺԴ. Պապին թոյլատրած առաջին հարցազրոյցն է, որ մասամբ կատարուած է Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցին մէջ ու մասամբ ալ Քահանայապետի Վատիկանի «Palazzo del Sant՛Uffizio» նստավայրին մէջ։

Հարցազրոյցը մաս կը կազմէ «Լևոն ԺԴ. Աշխարհի քաղաքացի, 21-րդ դարու միսիոնար» հատորին որ լոյս պիտի տեսնէ սպաներէն լեզուով յառաջիկայ 18 սեպտեմբերին։

Լեւոն ԺԴ. եւ լրագրող Էլիզ Անն Ալլեն
Լեւոն ԺԴ. եւ լրագրող Էլիզ Անն Ալլեն   (CRUX)

ԱՄՆ-ի եւ Փերույի միջեւ

Հարցազրոյցին մէջ կը խօսուի Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթի երկքաղաքացիութեան մասին` ծննդավայր Միացեալ Նահանգները եւ առաքելութեան վայր` Փերուն։ «Ես Ամերիկացի եմ եւ ես ինձ կը զգամ ամերիկացի բայց շատ կը սիրեմ Փերուն ու Փերույի ժողովուրդը...Կեանքիս կէսը անցուցի Փերույի մէջ առաքելութեամբ ուստի լատինամերիկեան հեռանկարը ինծի համար շատ արժէքաւոր է» կ՜ըսէ Սրբազան Պապը։

Շատ բաներ կը սորվիմ

Լեւոն ԺԴ կը վստահեցնէ, որ ինք իր առջեւ ունի երկար ճանապարհ սովրելու համար, ապա զարմանք կ՛արտայայտէ, որ ութը մայիսէն ետքը «նետուեցաւ համաշխարհային առաջնորդներու մակարդակին»։ «Մարդիկ տեղեակ են իմ հեռաձայնային կապերու եւ Պետութիւններու կառավարիչներու հետ ունեցած հանդիպումներուս մասին» կ՛ըսէ Ան ապա կը բացատրէ, թէ ինքը շատ բաներ կը սորվի Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական դերի մասին։ «Ամէն բան նոր է ինծի համար բայց ոգեւորուած եմ ոչ թէ ճնշուած»։

Սուրբ Աթոռի խաղաղութեան ջանքերը

Պատասխանելով Ուքրանիայի մէջ պատերազմի մասին հարցումին՝ Սրբազան Պապը ընդգծեց, որ «երկու կողմերէ երկու տարուայ անտեղի սպանութիւններէն ետքը.... «ես կը կարծեմ, որ մարդիկ պէտք է կերպով մը արթննան ըսելու համար թէ խնդիրը լուծելու այլ ճանապարհ մը կայ»։ Մինչ Վատիկանի միջնորդութեան մասին խօսելով Ան հաստատեց թէ Սուրբ Աթոռը մեծ ջանք դափեց իսկապէս չէզոք կեցուածք մը ունենալու համար»։

Պատերազմող կողմերուն ստիպել որ ըսեն «Այժմ կը բաւէ»

Սրբազան Քահանայապետին համար այսօր հրատապ անհրաժեշտութիւնը այն է, որ «տարբեր գործիչներ բաւարար ճնշում գործադրեն, որպէսզի պատերազմող կողմերը ստիպուին ըսել. «Այժմ կը բաւէ»։ «Ես մեծ հաւատք ունիմ մարդկային բնութեան նկատմամբ», Մարդկութիւնն ունի «ներուժ»՝ «յաղթահարելու բռնութիւնն ու ատելութիւնը» կը հաստատէ Լեւոն Քահանայապետը։

Բազմակողմանիութնը, երկխօսութիւնը

Ան ապա կը խրախուսէ դիմելու երկխօսութեան դիտել տալով, թէ ինչպէս ՄԱԿ-ը պէտք է ըլլար այն վայրը` ուր շատ մը հարցեր կը քննարկուին» բայց «առնուազն այս պահուն, ան կորսնցուցած իր բազմակողմանի հարցերու շուրջ մարդիկ իրար հանդիպեցնելու կարողութիւնը»։ «Մենք կ՜ապրինք բեւերացումի, ժամանակներ, արժէքներու կորուստի ժամանակներ, ինչպէս մարդկային կեանքի, ընտանիքի. ընկերութեան արժէքը...եւ ականատես ենք `«աշխատաւոր դասակարգի եկամուտի մակարդակի և ամենահարուստներու ստացած գումարի միջև աճող անջրպետին»։

«Գլխաւոր տնօրէններ, որոնք վաթսուն տարի առաջ կարող էին աշխատողներէն չորսէն վեց անգամ աւելի շատ վաստակուիլ, իմ տեսած վերջին տուեալներու համաձայն, անոնք վաստակուած են 6600 անգամ աւելի, քան միջին աշխատողը... Եթէ այս է միակ բանը, որ այլևս արժէք ունի, ապա մենք մեծ խնդիրներու մէջ ենք...» կ՜ըսէ Լեւոն ԺԴ։

Լեւոն ԺԴ. եւ լրագրող Էլիզ Անն Ալլեն
Լեւոն ԺԴ. եւ լրագրող Էլիզ Անն Ալլեն   (CRUX)

Սիւնհոդոսականութիւնը միասին յառաջ ընթանալու ճանապարհ

Նորին Սրբութիւնը լայնածաւալ տեղ կը նուիրէ Սիւնհոդոսականութեան նիւթին, որ կը նշանակէ թէ «Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր անդամ ձայն մը ու դեր մը ունի կատարելիք….»։ Մի քանի եպիսկոպոսներ ու Քահանաներ կարող են այն զգացումը ունենալ որ սիւնհոդոսականութիւնը ինձմէ իշխանութիւն պիտի խլէ» բայց այս մէկը սիւնհոդոսականութիւն չէ «Անիկա ձեւն է նկարագրելու թէ ինչպէս կարող ենք համախմբուիլ եւ ըլլալ մէկ հասարակութիւն ու որոնել հաղորդութիւնը որպէս Եկեղեցի, այնպէս որ, ան ըլլայ Եկեղեցի մը, որ հիմնականին մէջ կենտրոնացած չէ նուիրապետական կառոյցի վրայ, այլ «մենք միասին» զգացողութեան վրայ։

«Խօսքը Եկեղեցին ժողովրդավարական կառավարութեան վերածելու փորձի մասին չէ, քանի որ, եթէ նայենք աշխարհի այսօրեայ բազմաթիւ երկիրներուն, ժողովրդավարութիւնը ամէն բանի կատարեալ լուծման միջոցը չէ։ Աւելի շուտ խօսքը Եկեղեցւոյ կեանքը յարգելու և հասկանալու մասին է, եւ ըսելու. «մենք պէտք է անիկայ միասին ընենք»։

2026-ի Աշխարհի Ախոյանութիւն

Հարցազրոյցին մէջ տեղ կայ նաեւ 2026 թուականի Աշխարհի ախոյանութեան մասին խօսելու։ Քահանայապետը կը բացատրէ, որ «հաւանաբար ինք Փրույին կողմը պիտի բռնէ, պարզապէս յուզական կապերու պատճառով», բայց նաև «ես Իտալիայի մեծ երկրպագու եմ», կ՛ըսէ Ան, ապա կ՛աւելցնէ «Որպէս Քահանայապետ, ես բոլոր խումբերու երկրպագու եմ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2025, 14:30