Որոնել

2021.05.18 Indonesia Lago di Toba deforestazione ambiente ecologia

Այսօր կը յիշատակուի Արարչագործութեան Խնամքի համար աղօթքի համաշխարհային օրը

«Աշխարհը յուզող բնապահպանական և սոցիալական ճգնաժամը՝ պատերազմներով, ապականութեամբ, կլիմայի փոփոխութեամբ և անհաւասարութիւն, կը պահանջէ քաջարի և պատասխանատու արձագանք մը» կը նշէ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. դատապարտելով արարչագործութեան դէմ գործադրուած չարաշահումները ու արարչութեան դէմ գործուած մեղքը համարելով մարդկութեան դէմ մեղք մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յոյսի եւ Խաղաղութեան սերմեր» այս է բնաբանը զոր Ֆրանչիսկոս Պապը ընտրած էր այսօր յիշատակուող Արարչագործութեան Խնամքի համար աղօթքի համաշխարհային օրուան պատգամին համար, որ այս տարի կը բոլորէ իր տասներորդ տարեդարձը « Laudato si’ » շրջաբերականին հետ միասին։

Պատգամը հրատարակուեցաւ անցեալ Յուլիսին եւ կրեց Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին ստորագրութիւնը, որուն մէջ Քահանայապետըր հրաւէր ուղղեց քրիստոնէական հաւատքը ապրիլ որպէս կոչում պահպանելու Երկիրը։

Սերմը որ կը ծաղկի

Սերմին խորհրդանիշը, որ Յիսուս յաճախ կ՛օգտագործէ պատկերն է մեր առաքելութեան. Սիրոյ եւ արդարութեան փոքր արարքներ կարող են ծաղկիլ նաեւ ամենաչոր վայրերուն մէջ, հասարակութեան մոխրագոյնը վերածելով կեանքի գոյներու։ Նման ճամբաներու եզրին ծաղիկներուն, մենք ալ կարող ենք գեղեցկութիւն և փոփոխութիւն բերել, եթէ թոյլ տանք, սերմանուիլ վստահութեամբ։

Աստուծոյ Հոգիին ներգործութիւնը

Պատգամին մէջ Քահանայապետը վերակոչած է ապա Եսայի մարգարէին խօսքերը. Աստուծոյ Հոգին է, որ անապատը կը վերածէ այգիի՝ ծաղկեցնելով խաղաղութիւնը այնտեղ, որտեղ ժամանակին կը տիրէր չորութիւն։ Այս հրաշքը սակայն կը պահանջէ աղօթք, նուիրուածութիւն և շօշափելի գործողութիւններ։

Արարչութեան դէմ գործուած մեղքը մարդկութեան դէմ մեղք է

«Աշխարհը յուզող բնապահպանական և սոցիալական ճգնաժամը՝ պատերազմներով, ապականութեամբ, կլիմայի փոփոխութեամբ և անհաւասարութեամբ, կը պահանջէ քաջարի և պատասխանատու արձագանք մը» կը նշէ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. դատապարտելով արարչագործութեան դէմ գործադրուած չարաշահումները ու արարչութեան դէմ գործուած մեղքը համարելով մարդկութեան դէմ մեղք մը։

Սիրով եւ պատասխանատուութեամբ պահպանենք եւ մշակեբք աշխարհին պարտէզը

Յղում կատարելով հուսկ Աստուածաշունչին, որ հրաւէր կ՛ուղղէ սիրով եւ պատասխանատուութեամբ պահպանելու եւ մշակելու աշխարհին պարտէզը, Նորին Սրբութիւնը` որպէս այս պահպանման ու խնամքի խորհրդանիշ կ՜ակնարկէ Քասթել Կանտոլֆոյի “Borgo Laudato Si’” ծրագրին, որ ստեղծուեցաւ հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, որպէս օրինակ հասարակական կեանքի մը, հիմնուած համապարփակ բնապահպանութեան սկզբունքներուն վրայ։

Պատգամը կ՜աւարտի աղօթքով մը ուղղուած Սուրբ Հոգիին, որպէսզի պտղաբեր դարձնէ սերմերը ու անոնք բերեն խաղաղութեան եւ յոյսի պտուղներ։

Այս առիթով նշենք, որ յառաջիկայ Ուրբաթ օր` հինգ սեպտեմբերի կէսօրէն ետքը, Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը բացումը պիտի կատարէ վերոնշեալ «Borgo Laudato si'» աւանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2025, 09:37