Լեւոն ԺԴ. Հաշտութեան մշակոյթը կը կայանայ վէրքերու բուժումի եւ ներումի մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը «Ողջոյնի ժեսթեր» նախագիծի ԻՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուելու կապակցութեամբ։
Պատգամին մէջ Քահանայապետը ողջունեց Լամբետուզայի համայնքը իրենց աւանդական «O’scià» ողջոյնի բառով, որ կը նշանակէ «Շունչ» ու այս ողջոյնը կապեց սուրբ Հոգիի՝ Աստուծոյ շունչին հետ, հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը բոլորին վրայ։
Նորին Սրբութիւնը գնահատեց համայնքը իրենց հիւրընկալութեան համար՝ համեմատելով զանոնք Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաներուն հետ, որոնց գովաբանած էր Սուրբ Պօղոսը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերակցութիւններուն, կամաւորներուն, տեղական իշխանութիւններուն ու բոլոր անոնք որոնք գաղթականներուն պարգեւեցին մարդկային դէմք ապա Լամբետուզայի համայանքը անուանեց, մարդկային պատնէշ, որ խիստ փորձութեան ենթարկուեցաւ վախի եւ անարդարութեան կողմէ։
Պատգամին մէջ Քահանայապետը յիշեց ծովի զոհերը, որոնց մարմինները հողի մէջ են՝ ինչպէս յոյսի սերմեր եւ ընդգծեց, թէ ինչպէս անոնց բարեգործութիւնը օգնեց հազարաւոր մարդոց՝ վերականգնելու համար իրենց կեանքը ու անդրադարձաւ առաջացող յոգնածութեան, կոչ ընելով համայնքին մնալու միութեան մէջ ու երբեք չյանձնուի։ Նորին Սրբութիւն անդրադարձաւ նաեւ անտարբերութեան համաշխարհայնացումի որ այժմ կարծես դարձած է անկարողութեան համաշխարհայնացումի, զգացում մը սնուած այն սուտէն, թէ պատմութիւնը գրուածէ յաղթողներուն կողմէ, կը վտանգէ կաթուածահար ընել գործողութիւնները։
Քահանայապետը առաջարկեց «հաշտութեան մշակոյթ։ Ի տարբերութիւն հանդիպումի մշակոյթին, հաշտութիւնը կը կեդրոնանայ վէրքերուն բուժումի, ներումի եւ վնասը վերականգնելու վրայ՝ թէ կատարուած, թէ կրած վնաս։ Նորին Սրբութիւնը կոչ ըրաւ յաղթահարելու բաժանող վախերն ու նախապաշարումները, ընդունելով որ թշնամիներ չկան, այլ միայն եղբայրներ եւ քոյրեր։
«Անհրաժեշտ են շօշափելի գործողութիւններ եւ հաշտութեան քաղաքականութեան խթանում» նշեց Քահանայապետը ու պատգամը աւարտեց յորդորելով շարունակել հանդիպումի եւ հաշտութեան ուղին այն յոյսով որ խաղաղութեան կղզիները բազմապատկուին՝ դառնալով կամուրջներ, բոլոր ժողովուրդներուն հասնելու համար։
Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ողջունեց "O'scià!"ողջոյնի բառով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
