Հարաւայի Ափրիկէի տարածաշրջանի եպիսկոպոսները։ Հարաւայի Ափրիկէի տարածաշրջանի եպիսկոպոսները։ 

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Հարաւային Ափրիկէի եպիսկոպոսներուն միջ տարածաշրջանային ժողովի անդամներուն

Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան ընդհանուր գործերու տեղակալ գերպ Էտկա Փէնա Փառա, Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով պատգամը մը ուղղեց «Հարաւային Ափրիկէիւ միջ տարածաշրջանային եպիսկոպոսներու ժողով IMBISA-ին՝ լիագումար նիստի մասնակիցներուն՝ ժողովի 50 ամեակի կապակցութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան ընդհանուր գործերու տեղակալ գերպ Էտկա Փէնա Փառա, Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով պատգամը մը ուղղեց «Հարաւային Ափրիկէիւ միջ տարածաշրջանային եպիսկոպոսներու ժողով IMBISA-ին՝ լիագումար նիստի մասնակիցներուն՝ ժողովի 50 ամեակի կապակցութեամբ։

Ստորեւ Գերպ Փառայի Լեւոն ԺԴ Պապին անունով վերոյիշեալ կազմակերպութեան նամակը։

Քահանայապետը ստացաւ ձեր օգոստոս 7ին նամակը, որ ուղարկուած է Հարաւային Ափրիկէի եպիսկոպոսներուն միջ տարածաշրջանային ժողովին եպիսկոպոսներուն անունով՝ 14-րդ, Լիագումար ժողովի եւ հիմնադրման 50 ամեակի կապակցութեամբ։

Նորին Սրբութիւնը իր անկեղծ երախտագիտութիւնը կը յայտնէ այս արժէքաւոր ծառայութեան, որ ձեր ժողովը կը մատուցէ տարածաշրջանի քրիստոնեայ համայնքներուն՝ վերջին յիսուն տարիներուն ընթացքին։ Քահանայապետը վստահ է, որ այս միջ տարածաշրջանային հաստատութեան աշխատանքը մշտապէս հնարաւորութիւնը կ՝ընծայէ Աստուծոյ ժողովուրդին գործօն կերպով մասնակցելու եկեղեցւոյ աւետարանական առաքելութեան։

Քահանայապետի կ՝աղօթքէ, որ եղբայրական համերաշխութեան կապերով զօրացած՝ ձեր սինոդական ուղեւորութիւնը մշտապէս սնուցուի Տիրոջ կարեկից սիրտէն, մինչ կ՝աշխատիք եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան բարօրութեան համար», նշեց գերպ Փառա ու պատգամը աւարտեց փոխանցելով Լեւոն ԺԴ Պապին առաքելական օրհնութիւնը եպիսկոպոսներուն, կղերին, կրօնաւորներուն, աշխարականներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2025, 12:16