Քահանայապետին շնորհակալութիւնը իր տարեդարձին առիթով կատարուած աղօթքներուն համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Սիրելիներս, կարծես թէ տեղեակ էք, որ այսօր ես եօթանասուն տարեկան կը դառնամ։ Շնորհակալ եմ Տիրոջ, ծնողներուս և բոլոր անոնց, որոնք ինձ կը յիշեն իրենց աղօթքներուն մէջ։ Շատ շնորհակալ եմ բոլորիդ։ Շնորհակալութիւն»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը, Կիրակի 14 սեպտեմբերին, Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն ետքը, մինչ հրապարակի վրայ ներկայ գտնուող հաւատացեալներն ու նուագախումբեր անոր բարի տարեդարձ կը մաղթէին, այսօր յիշատակուող ծննդեան 70 ամեակին առիթով։
Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն ետք արտասանած իր խօսքին սկիզբը Ան ակնարկած էր որ «Վաղը կը լրանայ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի հաստատման 60-ամեակը, որ Սուրբ Պօղոս Զ-ի մարգարէական գուշակումը եղած է, որպէսզի եպիսկոպոսները կարողանան աւելի մեծ և աւելի լաւ հաղորդակցութիւն ունենալ Պետրոսի յաջորդին հետ։ Յուսով եմ, որ այս տարեդարձը հրահրէ նորոգուած նուիրուածութիւն ի սպաս միութեան, սիւնհոդոսականութեան և Եկեղեցւոյ առաքելութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը հուսկ իր ողջոյնի խօսքերը ուղղեց աղօթքին առիթով սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերուն նախ քան անոնց բոլորին մաղթելու Բարի Կիրակի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
