Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապը հրաւիրեց Ակոսթինեանները վերակենդանացնելու առաքելական ոգին

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Ակոսթինեաններուն, միաբանութեան ընդհանուր ժողովին կապակցութեամբ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ Պապը պատգամ մը ուղղեց Ակոսթինեան միաբանութեան կրօնաւորներուն, անոնց ընդհանուր ժողովի կապակցութեամբ՝ արտայայտելով իր ուրախութիւնը «տան մէջ» զգալու համար ու ընդգծելով աղօթքի կարեւորութիւնը նախկին մեծաւորին եւ նոր մեծաւորին ընտրութեան համար։

Պատգամին մէջ քահանայապետը ընդհանուր ժողովը նկարագրեց որպէս աղօթքի եւ խորհրդածութեան պահ։ Մեկնելով Սուրբ Օգոստինոսէն «Դուրս մի՛ քար քեզմէ, Դուն քեզի վերադարձիր» ընդգծեց որ այս վերադարձը դէպի ես փախուստ չէ, այլ հոգեւոր հովուական ծառայութեան սլացքը վերանորոգելու միջոց, ու անիկա կ՝օգնէ վերագտնելու յարաբերութիւնները Աստուծոյ եւ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ՝ թոյլ տալով աւելի արդիւնաւօտէն լուծել հաւատքի կեանքի եւ առաքելութեան մարտահրաւէրները։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը կեդրոնացուց երեք հիմնական նիւթերուն վրայ.

Կոչում եւ կազմաւորում

Քահանայապետը յիշեց Սուրբ Օգոստինոսի յորդորը՝ «Սիրեցէք այն ինչ կ՝ուզէք ըլլալ» ու ընդգծեց թէ կոչումը կանոններու ամբողջութիւնն չէ այլ Աստուծոյ հետ սիրոյ արկածախնդրութիւն, որ կը ծնի մեծ բանի հանդէպ հրապոյրէն ու կազմաւորումը պէտք է օգնէ երիտասարդներուն տեսնելու այս գեղեցկութիւնները։

Սէր եւ մտաւոր ուսում

Քահանայապետը նշեց, որ սէրը նաեւ աստուածաբանական ուսումի հիմնարար չափանիշ է, ան պարզապէս տեղեկատւութիւն կուտակելու հարց չէ, այլ Աստուծոյ մեծութեամբ զարմանալու։ Ուսումը պէտք է առաջնորդուի ուրիշներուն օգուտին սեփական յայտնագործութիւնները կիսելու առատաձեռնութեամբ եւ սնապարծութենէն խուսափելու խոնարհութեամբ։

համայնքային կեանք եւ աղքատութիւն

Աստուածային սէրը հասարակաց կեանքով լիարժէք ապրելու, նիւթական , հոգեւոր եւ մարդկային բարիքները կիսելու հիմքն է, Նշեց Սրբազան հայրը ու մէջբերեց Ակոստթինեան կանոնը «ինչպէս սնուած էք մէկ մառանէն, այնպէս այլ հագուեցէք մէկ հանդերձատունէն՝ վերահաստատելու համար առաքելութեան ծառայութեան մէջ հաւատարիմ մնալու աւետարանական աղքատութիւնը։

Վերջապէս Լեւոն ԺԴ Պապը յորդորեց վերակենդանացնելու միսիոնարական ոգին՝ յիշելով Ակոսթինեաններուն երկար պատմութիւնը՝ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ աւետարանը քարոզելու գործին մէջ։ Աւետարանական առաքելութիւնը կը պահանջէ խոնարհ ուրախութեան վկայութիւն, ծառայելու պատրաստակամութիւն եւ մարդոց հետ կեանքի բաժնեկցութիւն։

Քահանայապետը պատգամը աւարտեց մաղթելով որ ընդհանուր ժողովի աշխատանքները շարունակուին ուրախութեան մէջ ու սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ, հայցելով  բոլորին վրայ Տիրամօր Եւ Սուրբ Օգոստինոսի բարեխօսութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2025, 11:27