Որոնել

2025.09.26 Mons. Filippo Iannone

Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութիւնը ունեցաւ նոր Վերատեսուչ` Գերապ. Ֆիլիփփօ Եաննոնէն

Յայտնենք` որ մինչեւ իր Քահանայապետ ընտրութիւնը Եպիսկոպոսներու Վերատսեսչութեան վերատեսուչը եղած էր նոյնինքն Կարդինալ Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթը, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը ուրբաթ` 26 սեպտեմբերին Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ եւ Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական յանձնախումբի նախագահ անուանեց Գերապ. Ֆիլիփփօ Եաննոնէն որ մինչեւ այժմ Վերատեսչուն էր Օրէնսդրական Գիրգերու Վերատեչութեան։ Ան նոր պաշտօնը պիտի ստանձնէ յառաջիկայ 15 հոկտեմբեր 2025 էն սկսեալ։

Նոյն անուանումի հրամանագիրով Քահանայապետը իրենց պաշտօններուն վրայ հինգ տարուայ տեւողութեամբ վերահաստատեց Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան քարտուղարը Գերպ. Իլսոն Տէ Եեզուս Մոնթանարին եւ ենթաքարտուղար Գերապ. Իվան Քովաչը։

Յայտնենք` որ մինչեւ իր Քահանայապետ ընտրութիւնը Եպիսկոպոսներու Վերատսեսչութեան վերատեսուչը եղած էր նոյնինքն Կարդինալ Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթը, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, որուն Քահանայապետ ընտրութեամբ, պաշտօնը մնացած էր թափուր։

Վերոնշեալ այս նշանակումը Օգոստոնեան Միաբանութեան անդամ Քահանայապետին Վերատեսչութեան մը Ղեկավարի առաջին նշանակումն է: Ասկէ առաջ Ան բարձր մակարդակի պաշտօնի վրայ միակ նշանակումը կատարած էր 22 մայիսին՝ իր ընտրութենէն մի քանի օր ետք՝ երբ որպէս Նուիրեալ Կեանքի հաստատութիւններու և Առաքելական կեանի Ընկերութիւններու Վերատսեչութեան քարտուղար նշանակեց Ֆրանչիսկեան աղքատ քոյրերու ինստիտուտի անդամ քոյր Թիցիանա Մերլեթթին։

Նափոլեթանցի, Քարմելիթեան, իրաւաբան և կանոնագէտ արքեպիսկոպոս` Գերապ. Իանոնէ յառաջիկայ 13 դեկտեմբերին կը դառնայ վաթսունութ տարեկան։ Անիկայ մեծ փորձառութիւն ունի ունի դատարաններու, պապական համալսարաններու և արքեպիսկոպոսութիւններու մէջ։ Ան ստանձնած է տարբեր պաշտօններ որոնց շարքին Առաքելական Գերագոյն դատարանի անդամի պաշտօնը, ու եղած է Իտալիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի (CEI) իրաւական հարցերու խորհուրդի անդամ, կրօնական շէնքերու կոմիտէի նախագահ և Լացիօ նահանգի եպիսկոպոսական համաժողովի անդամ։

2012 թուականին Պենետոկտոս ԺԶ-ը զայն նշանակեց Հռոմի Թեմի փոխանորդ, ապա 2017 թուականին Ֆրանչիսկոս զայն յանձնեց Օրէնսդրական Գիրգերու պապական խորհուրդի քարտուղարի տեղակալի պաշտօնը եւ յաջորդ տարին ՝ 2018 թուականի ապրիլի 7-ին զինք նշանակեց նոյն գրասենեակի նախագահ որ ապա Նոր Սահմանադրութեամբ դարձաւ Վերատեսչութիւն։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2025, 12:00