Leone ai nuovi vescovi,mai dimenticare drammi guerra,violenze

Քահանայապետը եպիսկոպոսներուն. Եղէք կամուրջներ կառուցողներ և «զինաթափ ու զինաթափող» խաղաղութեան ծառաներ

Հինգշաբթի, 11 սեպտեմբերին, եպիսկոպոսներուն հետ իր երկխօսութեան ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց անոնց վերականգնել իրենց կապը աշխարհի հետ, որպէսզի այսօրուայ հարցերուն պատրաստուած պատասխաններ չառաջարկեն: Քահանայապետը հրաւիրեց «անյապաղ» անդրադառնալ ոտնձգութիւններու հարցերուն եւ ուշադրութիւն դարձնել նաև սոցիալական ցանցերուն, ուր կայ կեղծիքներու վտանգը։ Սուրբ Աթոռի մամլող գրասենեակը այս արջնութեամբ հրատարակեց զրոյցի մասին երկար հաղորդագրութիւն մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Երէկ` Հինգշաբթի 11 սեպտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, Սինոդի դահլիճին մէջ Հռոմ ժամանած նորանշանակ եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպումի ընթացքին արտասանած պաշտօնական իր ճառէն ետքը Ան շարունակեց իր խօսքը, ներկաներուն նուիրելով որոշ ցուցմունքներ, դիմագրաւելու համար անոնց առաքելութեան սկիզբի մարտահրաւէրները` ինչպէս վախը, անարժանութեան զգացումը, կոչումէն առաջ իւրաքանչիւրին կեանքի նկատմամբ ունեցած տարբեր սպասումները, որոնց համար Սրբազան Պապը անհրաժեշտ նկատեց մօտ մնալ Տիրոջ, ժամանակ յատկացնել աղօթքին և շարունակել ապրիլ` կոչումի աղբիւր` Սուրբ Հոգիի նկատմամբ անվերապահ վստահութեամբ։

Բաւարար չեն 25 տարիներ առաջ նորընծայարանին մէջ սորված բաները

«Տեղական Եկեղեցիներուն մէջ հասունցած հովուական փորձառութիւնը պէտք է բացուի Եկեղեցւոյ Տիեզերականութեան» ըսաւ Քահանայապետը, ընդգծելով որ «բաւարար չեն 25 տարիներ առաջ նորընծայարանին մէջ սորված պատասխանները»։ Հարկ է, յարեց Ան, նորոգել աշխարհի հետ շփումը, ունկնդրել այսօրուայ մարդկութեան հարցումները ու ապրիլ սիւնհոդոսականութիւնը` որպէս «Եկեղեցւոյ ապրելակերպ», կատարուած բաժնեկցուած ունկնդրութեամբ եւ զատորոշումով։

Կամուրջ կառուցողներ

«Եղէք կամուրջներ կառուցողներ» խրախուսեց Նորին Սրբութիւնը, խրատելով խթանել աշխարհականներուն դերը ու ծառայել խաղաղութեան` «զինաթափ ու զինաթափող», որպէս միասնական եւ առօրեայի մարտահրաւէր։

Ուշադիր ըլլալ ոտնձգութեան հարցերուն ու անյապաղ դիմագրաւել զանոնք

Քահանայապետը ի վերջոյ, նախքան որոշ հարցումներուն պատասխանելը, կոչ ըրաւ բոլոր ներկաներուն պատրաստակամութեամբ եւ արագ կերպով անդրադառնալ հոգևորականներու կողմէ անպատշաճ վարքագծի հետ կապուած հարցերուն. «անոնք պէտք չէ դնել դարակին մէջ, պէտք է դիմագրաւուին, իսկական արդարութեան եւ ողորմութեան զգացումով, հանդէպ զոհերուն ու մեղադրուածներուն», ըսաւ Լեւոն ԺԴ.ը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն հաւաստիացնելով, որ ինք կ՛աղօթէ իրենց համար ու թէ «Եկեղեցին կը գնահատէ անոնց «այո»-ն։ «Դուք միայնակ չէք, միասին կրենք բեռը եւ միասին հռչակենք Յիսուս Քրիստոսին Աւետարանը» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Զգուշութեամբ օգտագործել ընկերային ցանցերը

Ան ապա պատուիրեց զգուշութեամբ օգտագործել ընկերային ցանցերը, ուր կայ կեղծիքի վտանգը։ «Ճշմարտութեան հասնիլը երբեմն ցաւոտ է, բայց անհրաժեշտ», յարեց Ան առաջարկելով դիմել հաղորդակցութեան մասնագէտներու օգնութեան. «Հանգստացէք, լաւ մտածեցէք և դիմեցէք մասնագէտի օգնութեանը» եղան Քահանայապետին խօսքերը որ ապա հրաւիրեց եպիսկոպոսները ըլլալու խոնարհ, ընդունելու իրենց սահմանափակումները եւ վստահելու ծերունի վաստակաւոր Եպիսկոպոսի մը խրատներուն, չփակուելով փոքր խումբերու մէջ։

Որոնել երկխօսութիւն ու յարգել միւս կրօնական աւանդութիւնները

Լեւոն ԺԴ. վերահաստատեց կամուրջներ կառուցելու անհրաժեշտութիւնը ու երկխօսութիւնը որոնելու նաեւ այնտեղ` ուր քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն են, յարգելով միւս կրօնական աւանդութիւնները, յատկապէս իսկական վկայութեան միջոցաւ. «ձեզ պիտի ճանչնան այն ձեւէն որով կը սիրէք»։

Քահանայապետին շօշափած ու շեշտած այլ նիւթերէն մին եղաւ նորընծայարաններուն մէջ կազմաւորումը, հրաւիրելով ընկերանալ կոչումներուն, արժեւորելով նաեւ աշխարհական միսիոնարներուն ներկայութիւնը ու քաջալերելով տեղական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եկեղեցական շարժումներու ներառումը։

Բնապահպանական տագնապը

Բնապահպանական ճգնաժամերու ծանր հետևանքներու վերաբերեալ հարցումներուն պատասխանելով Սրբազան Պապը յիշեց «Laudato Si'» շրջաբերականի տասնամեայ տարեդարձը և խրախուսեց նիւթը խթանել հովուական ծառայութեան ներքոյ, աւելցնելով որ «Եկեղեցին այս հարցին մէջ ներկայ է», սակայն առանց ներգրաւելու այլ հարցեր, որոնք կը հակասեն քրիստոնէական մարդաբանութեանը։

Տարբեր ճգնաժամեր

Քննարկուած նիւթերու շարքին էին նաեւ Եկեղեցւոյ տարբեր մարմիններու միջեւ կապերը, եպիսկոպոսներու նշանակման գործընթացը, աշխարհի մէջ ծաւալող բազմաթիւ ճգնաժամերը,եւ զանոնք միասին կիսելու և լուծելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաև եպիսկոպոսի ներկայութեան արժէքը, որ մօտ է տառապողներուն:

Երիտասարդներe

Քննարկումի նիւթ եղան նաև երիտասարդները, մասնաւորապէս Եւրոպայի մէջ վերջին Յոբելեանէն ետքը, անոնց հաղորդութեան և աղօթքի կարօտը, ինչպէս նաև հոգևոր կեանքի ծարաւը, զոր անոնք չկարողացան գոհացնել ոչ անիրական աշխարհին մէջ եւ ոչ ալ ,«ժողովրդապետական աւանդական փորձառութիւններու ներքոյ»։

Աւարտին Սրբազան Քահանայապետը իր օրհնութիւնը շնորհեց բոլոր ներկայ եպիսկոպոսներուն ապա մէկիկ մէկիկ ողջունեց զանոնք` Պօղոս Զ անուան գաւթին մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2025, 11:15