Չինաստանի մէջ օծուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ ստեղծուած «Զանզիաքու»ի նոր թեմի առաջին եպիսկոպոսը։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Այսօր՝ 10 սեպտեմբերին, Գերպ Ճուզէփփէ Վանկ Զէնկուի օծուեցաւ որպէս Չինաստանի «Զանզիաքու» նոր թեմի առջին եպիսկոպոսը՝ աւարտելով եկեղեցական վերակազմակերպումի գործընթացը, որ նախաձեռնած էր Լեւոն ԺԴ. Պապը։ Վատիկանի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց որ այս տարի յուլիս 8ին, քահանայապետը միացուց «Xiwanzi» եւ «Xuanhua»ի տարածքները «Զանզիաքու»ի նոր թեմի մէջ, որ կը գտնուի Հէպէի նահանգի մէջ ու սահմանակից է Փէքինի։
Գերպ Ճուզէփփէ Վանկ Զէնկուի եպիսկոպոս նշանակումը, նոյնպէս տեղի ունեցաւ յուլիս, 8ին, Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան միջեւ կնքուած ժամանակաւոր համաձայնագիրի համաձայն։
Նոր Եպիսկոպոսը ծնած է 1962 թուականին եւ ունի երկարատեւ հոգեւորական ինչպէս նաեւ հովուական ծառայութեան փորձառութիւն։ Ան ուսանած է Հէպիի նորընծայարանի մէջ եւ քահանայ ձեռնադրուած է 1990ին, Xianxian թեմի համար ու ծառայած է մի քանի ծխական համայնքներուն, որոնց շարքին Xuanhua։
«Զանզիաքու»ի նոր թեմը ունի աւելի քան 36,000 քմ տարածք եւ ունի մօտաւորապէս չորս միլիոն բնակչութիւն որոնց շարքին՝ մօտաւորապէս 85000 կաթողիկէներ։ Տարածքը կը ներառէ մի քանի շրջաններ եւ գաւառներ, որոնք մաս կը կազմէին նախկին թեմին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
