Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին գլխաւորելիք արարողութիւնները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի` մէկ սեպտեմբերին հրատարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին գլխաւորելիք արարողութիւններուն օրակարգը, որուն մէջ կը կարդանք, թէ Նորին Սրբութիւնը Կիրակի` 5 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի գլխաւորէ Միսիոներական աշխարհի ու Գաղթականներու Յոբելեաններուն նուիրուած սուրբ պատարագը, ապա 9 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, միշտ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, Ան պատարագ պիտի մատուցէ «Նուիրեալ Կեանքի» Յոբելեանին առիթով։
Իսկ` Կիրակի, 12 Հոկտեմբերին պատարագը, միշտ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի նուիրուի «Մարեմեան Հոգեւորականութեան» Յոբելեանի մասնակցողներուն ապա յաջորդ կիրակի` 19 Հոկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի գլխաւորէ մի քանի Երանելիներու սրբադասման արարողութիւնը, որոնց շարքին նաեւ Հայ ազգի զաւակ ու հայոց ցեղասպանութեան նահատակ Երանաշնորհ Գերապայծառ Իգնատիոս Մալոյանը։ Նոյն օրը Սուրբերու շարքին պիտի դասուին Փիթըր Թօ Ռոթը, Վինչենցա Մարիա Փոլոնին, Մարիա տէ Մոնթէ Քարմելօ Ռենտիլէս Մարթինէսը, Մարիա Թրոնքաթթին, Խօսէ Կրէկորիօ Հերնանտէս Չիզներոսը եւ Պարթոլօ Լոնկոն։
26 Հոկտեմբերին Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի գլխաւորէ Սինոդի Խումբերու և մասնակցային մարմիններու Յոբելեանի Սուրբ պատարագը ապա երկրորդ օրը` 27 հոկտեմբերին Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ յետմիջօրէի 5,30-ին պատարագ պիտի մատուցէ Քահանայապետական Համալսարաններու համալսարանականներու մասնակցութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
