Լեւոն ԺԴ.ի Նոյեմբեր – Յունուար ամիսներու ընթացքին գլխաւորած արարողութիւնները։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու գրասենեակը Երեքշաբթի 30 սեպտեմբերին հրապարակեց Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին յառաջիկայ Նոյեմբերէն Յունուար ամիսներուն գլխաւորելիք արարողութիւններու օրակարգը, որ կը սկսի մէկ նոյեմբերէն, Ամենայն Սրբոց տօնին օրով, որուն առիթով Քահանայապետը Կրթութեան Աշխարհի Յոբելեանին առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը որուն ընթացքին Եկեղեցւոյ Վարդապետ պիտի հռչակէ Սուրբ Ժոն Հէնրի Նիումանը։
Երկուշաբթի` 3 նոյեմբերին Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան ժամը 11-ին Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ կը գլխաւորէ տարուայ ընթացքին մահացած ննջեցեալ Կարդինալներու եւ Եպիսկոպոսներու հոգեհանգստեան պատարագը, որ պիրի նուիրուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին, ապա ինը նոյեմբերին Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի տօնին օրը Սրբազան Պապը առաւօտեան ժամը 9.30 -ին Քահանայապետական այդ պազիլիքային մէջ կը գլխաւորէ տօնին նուիրուած պատարագը՜
16 նոյեմբերին կը նշուի աղքատներուն Յոբելեանը։ Այս առիթով Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ պատարագ կը մատուցէ առաւօտեան ժամը տասին եւ նոյնը կ՛ընէ մէկ շաբաթ ետքը` 23 նոյեմբերին, Յիսուս Տիեզերքի Թագաւոր ծիսական տօնին օրը, որուն ընթացքին կը նշուի նաեւ երգչախումբերու Յոբելեանը։
Դեկտեմբեր ամսուայ ընթացքին Սրբազան Պապին առաջին ծիսակատարութիւնը նախատեսուած է 8 դեկտեմբերին, Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնին օրը, երբ Ան կէսօրէն ետքը ժամը չորսին պիտի այցելէ Հռոմի Սպանիայ անուան հրապարակը, մեծարելու համար այնտեղ զետեղուած Սուրբ Կոյս Մարիամին արձանը։ Աւանդական մեծարանքի արարողութիւն մը, որ Լեւոն ԺԴ.ին համար պիտի հանդիսանայ Քահանայապետութեան առաջին այցը Փիցցա Տի Սպանիա հրապարակ։
12 դեկտեմբերին Կուտալուփէի Սուրբ Կոյս Մարիամի ծիսական տօնին օրը Սրբազան Քահանայապետը կէսօրէն ետքը ժամը չորսին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ կը նախագահէ տօնին նուիրուած Սուրբ Պատարագը ապա երկու օր ետքը`14 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը տասին Ան վատիկանեան տաճարէն ներս կը գլխաւորէ բանտարկեալներու յոբելենական սուրբ պատարագը։
24 դեկտեմբերին Տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան։ Այս առիթով Սրբազան Քահանայապետը, երեկոյեան ժամը տասին Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը մատուցէ Ծննդեան ճրագալոյցի պատարագը ապա յաջորդ օրը՝ դեկտեմբեր 25-ի առաւօտեան տասին Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ կը մատուցէ Սուրբ Ծննդեան պատարագը հուսկ կէսօրին, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն Սուրբ Ծննդեան պատգամն ու «Ուրպի Էթ Օրպի» առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ Հռոմ քաղաքի ու երկրագունդի բոլոր բնակիչներուն։
31 դեկտեմբերին, Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնին օրը, երեկոյեան ժամը 5-ին, Նորին Սրբութիւնը, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ գոհաբանական երեկոյեան ժամասացութիւնը, որուն կը յաջորդէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւնը ու քաղաքացիական տարւոյն աւարտին առթիւ Գոհաբանական աղօթք եւ Սուրբ Հաղորդութեան Օրհնութիւնը։
Մէկ Յունուարին կը սկսի 2026-ի նոր տարին։ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Կոյս Մարիամ Մայր Աստուծոյ ու խաղաղութեան համաշխարհային օրուան նուիրուած սուրբ պատարագը, հուսկ 6 Յունուարին, Աստուածայայտնութեան տօնին օրը` Ան Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ տօնին նուիրուած պատարագը, որուն առիթով նախատեսուած է նաեւ Յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարուան Սուրբ Դրան փակման արարողութիւնը։
11 Յունուարին ըստ լատինաց տօնն է Յիսուսի Մկրտութեան։ Սոյն տօնին առիթով աւանդութիւն է, որ Քահանայապետը Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ մկրտութեան խորհուրդը շնորհէ նորածին մանուկներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
