Որոնել

FILES-SUDAN-CONFLICT-DISPLACED-HUNGER-DARFUR

Լեւոն ԺԴ. Պապին կոչը ի նպաստ սողանքի զոհ Սուտանի ժողովուրդին

«Սրտաբուխ կոչ մը կ՛ուղղեմ պատասխանատուներուն եւ միջազգային հասարակութեան, որպէսզի երաշխաւորուին «մարդասիրական միջանցքներ» եւ ի գործ դրուի համակարգուած պատասխան մը կանգնեցնելու համար այս մարդասիրական աղէտը» շեշտեց ապա Լեւոն ԺԴ. հաստատելով` որ «Ժամն է սկիզբ տալու կողմերու միջեւ լուրջ, անկեղծ եւ ընդելուզող երկխօսութեան, վերջ դնելու համար հակամարտութեան եւ Սուտանի ժողովուրդին վերադարձնելու յոյս արժանապատւութիւն եւ խաղաղութիւն»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 3 սեպտեմբեր 2025-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը սրտաբուխ կոչ մը ուղղեց ի նպաստ Սուտանի ժողովուրդին որ այս վերջին օրերուն թիրախ դարձաւ տեղատարափ անձրեւներու, որոնք յառաջացուցին սողանք բնակիչներուն մէկ մասը դատապարտելով մեկուսացումի։

«Սուտանէն ու մասնաւորապէս Տարֆուրէն կը հասնին ողբերգական լուրեր» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով թէ. «Էլ Ֆաշերի մէջ բազմաթիւ քաղաքացիներ յայտնուած են թակարդի մէջ, սովի և բռնութեան զոհեր» ու նաեւ թէ «Դարասինի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ սողանք մը պատճառ դարձաւ բազմաթիւ մահերու իր ետին թողելով ցաւ և յուսահատութիւն»։ «Եւ կարծես թէ այս բոլորը բաւարար չ՛ըլլալով, խոլերայի տարածումը կը սպառնայ արդեն իսկ հիւծուած հարիւր հազարաւոր մարդոց կեանքին» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը ապա իր մօտիկութիւնը արտայայտեց Սուտանի բնակչութեան ու մասնաւորապէս ընտանիքներուն, մանուկներուն եւ տեղահաններուն, աղօթքը ապահովեցնելով բոլոր զոհերուն համար։

Կոչ համակարգելու օգնութիւնները ու գործելու ի նպաստ հաշտութեան 

«Սրտաբուխ կոչ մը կ՛ուղղեմ պատասխանատուներուն եւ միջազգային հասարակութեան, որպէսզի երաշխաւորուին «մարդասիրական միջանցքներ» եւ ի գործ դրուի համակարգուած պատասխան մը, կանգնեցնելու համար այս մարդասիրական աղէտը» շեշտեց ապա Լեւոն ԺԴ. հաստատելով` որ «Ժամն է սկիզբ տալու կողմերու միջեւ լուրջ, անկեղծ եւ ընդելուզող երկխօսութեան, վերջ դնելու համար հակամարտութեան եւ Սուտանի ժողովուրդին վերադարձնելու յոյս արժանապատւութիւն եւ խաղաղութիւն»։

Անգլերէն լեզուով իր ողջոյնի խօսքին մէջ եւս Սրբազան Պապը անդրադարձաւ Տարֆուրին՝ զոհերուն համար մաղթելով «յաւերժական խաղաղութիւն», «ինչպէս նաև անոնց սիրելիներուն համար մխիթարութիւն և ուժ»: «Նոյնիսկ նման ողբերգութիւններուն մէջ,- ընդգծեց Ան- երբեք չկորսնցնենք յոյսը Աստուծոյ մեզի հանդէպ ունեցած սիրոյն մէջ»:

Փիեր Ճորճօ Ֆրասաթթին եւ Քարլօ Աքութիսը

Լեւոն ԺԴ ապա, լեհ ուխտաւորներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ յիշեց յառաջիկայ կիրակի օր Սուրբ Հռչակուելիք Փիեր Ճորճօ Ֆրասաթթին եւ Քարլօ Աքութիսը հրաւիրելով նաեւ աղօթելու մանուկներուն ու երիտասարդներուն համար, որոնք սեպտեմբեր ամսուայ մէջ պիտի վերսկսին դպրոցը ու նաեւ անոնց համար որոնք հոգ կը տանին անոնց դաստիարակութեան։

Մեծն Սուրբ Գրիգոր Քահանայապետ

«Երանելի և շուտով սուրբ՝ Փիեր Ճորճօ Ֆրասաթիի եւ Քարլօ Աքութիսին բարեխօսութեամբ անոնց համար խնդրեցէք` իրենց հասունութեան ճանապարհի մէջ խոր հաւատքի պարգևը» ըսաւ Քահանայապետը որ ապա իտալացի հաւատացեալներուն ուղղած խօսքին մէջ յիշեց այսօր յիշատակուող «Մեծն Սուրբ Գրիգոր Քահանայապետի» տօնը։

Այսօր կը յիշատակենք Սուրբ Գրիգոր Մեծի ծիսական տօնը, որուն մարմինը կը հանգչի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ: Այս Քահանայապետը կոչուած է «մեծ»՝ իր հաւատքի հովիւի և ուսուցիչի բացառիկ աշխատանքին համար, հասարակութեան և Եկեղեցւոյ համար շատ դժուար ժամանակներու ընթացքին։ Մեծութիւն որ ուժ կը ստանար Քրիստոսի հանդէպ վստահութիւնէն» ըսաւ Սրբազան Պապ մաղթելով որ իւրաքանչիւր անձ Տիրոջ մէջ գտնէ ու ճանչնայ կեանքի միակ իրական ուժը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2025, 11:11