2025.09.11 Lenguajes de la Creación

Լևոն ԺԴ. Նեղութեան մէջ լսենք Արարչագործութեան յոյսի պատգամը

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամով մը` Լեւոն ԺԴ. օրհնեց «Արարչագործութեան լեզուները» գիտութեան և կրօնի ԺԲ լատինաամերիկեան համագումարի աշխատանքը։ Յղում կատարելով Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերուն Սրբազան Պապը խրախուսեց փնտռել ուղիներ` որոնք մարդուն թոյլ կու տան գերազանցել ամէն ինչ, որ կարելի է չափել։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ պատգամ մը յղած է գիտութեան և կրօնի լատինաամերիկեան ԺԲ. համագումարի մասնակիցներուն, որ կը կրէ «Արարչագործութեան լեզուները» բնաբանը եւ տեղի կ՛ունենայ Հռոմի Regina Apostolorum համալսարանին մէջ, 10էն մինչեւ 12 սեպտեմբեր։

Պատգամին մէջ Քահանայապետը յղում կատարելով Սուրբ Օգոստինոսին կը հրաւիրէ կազմակերպիչներն ու մասնակիցները, «որոնելու ճանապարհներ` որոնք մարդուն թոյլ կու տան գերազանցել այն ամէն բաները զոր կարելի է չափել, խոկալու համար առանց չափի Չափի մասին, գերազանցել ամէն ինչ` որ կարելի է հաշուել, խոկալու համար անթիւ Թիւի մասին, գերազանցել ամէն ինչ, որ կարող է մեղք ըլլալ, խոկալու համար անկշիռ Կշիռքի մասին»։

Օրհնելով ապա ժողովականներուն աշխատանքը Քահանայապտեը դիտել կու տայ, որ այդպիսով «Աստուծոյ գործը կը հռչակէ իր Արարիչին փառքը, մարդը կը կարողանայ լսել անոր յոյսին պատգամը, ոչ միայն իր գոյութեան պայծառ օրերու շքեղութեան մէջ, այլեւ մարդկային վիճակի բնորոշ տառապանքի ու անձկութեան գիշերներուն մէջ»։

Միջ առարկայական տարածք աստուածաբանութեան և արհեստական ​​բանականութեան միջև

Կազմակերպուած «Գիտութեան և կրօնի միջև երկխօսութիւն հիմնադրամի» (DeCyR), «Laudato si' շարժումի» Արժանթինի մասնաճիւղի և Universidad Popular Autónoma del Estado de Puebla համալսարանի համագործակցութեամբ, համագումարը նպատակ ունի դառնալ բնական գիտութիւններու, փիլիսոփայութեան և աստուածաբանութեան միջև միջ առարկայական խորհրդածութեան տարածք, «Բնութեան գիրքի» հարուստ խորհրդանշականութեան մասին և անոր իմաստի ու յոյսի որոնման համար արդիականութեան վերաբերեալ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2025, 12:00