Լեւոն ԺԴ. Աւետարանի, արդարութեան եւ շրջակայ միջավայրի հռչակումը եպիսկոպոսներուն առաջնահերթութիւններն են Ամազոնի մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին անունով պատգամը մը ուղղեց Ամազոնեան տարածաշրջանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ, Կարդինալ Ռիքարտօ Պառեթօ Ժիմէնսօ»ի, 17էն 20 օգոստոսին գումարուած եպիսկոպոսաց ժողովին կապակցութեամբ։
Պատգամին մէջ ծիրանաւորը Լեւոն ԺԴ Պապին ողջոյնները փոխանցեց Ամազոնի եպիսկոպոսներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց թափած ջանքերուն համար՝ Ամազոնի մէջ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն ի սպաս յորդորելով փնտռելու՝ միութեան եւ նուիրապետութեան վրայ հիմնուած «եպիսկոպոսական մարմին» ինչպէս նաեւ որոնելու թեմական եպիսկոպոսներուն եւ առաքելական փոխանորդներուն իրենց առաքելութիւնը կատարելու գործին մէջ շօշափելի եւ արդիւնաւէտ օրէն օգնելու ուղիները ու այս առումով Կարդինալ Փարոլին փոխանցեց Քահանայապետին հրաւէրը յիշելու Ամազոնի տարածաշրջանի հովուական ծառայութեան գործունէութեան մէջ երեք փոխկապակցուած ծաւալներ. «Եկեղեցւոյ Առաքելութիւնը՝ Աւետարանը բոլորին հռչակելու, այնտեղ ապրող ժողովուրդներուն նկատմամբ արդար վերաբերմունք եւ մեր ընդհանուր տան հոգ տանիլը։
«Անհրաժեշտ է, որ Յիսուս Քրիստոսը, որուն մէջ ամփոփուած է ամէն ինչ (ԵՓ 1,10), հռչակուի պարզութեամբ եւ անսահման սիրով Ամազոնի բնակիչներուն մէջ, որպէսզի մենք նուիրենք անոնց բարի լուրի թարմ եւ անարատ հացը եւ Հաղորդութեան երկնային սնունդը՝ միակ Ճանապարհը՝ իսկապէս ըլլալու Աստուծոյ Ժողովուրդը եւ Քրիստոսի Մարմինը» գրեց կարդինալ Փարոլին ընդգծելով թէ «հոն ուր կը քարոզուի Քրիստոսի անունը, անարդարութիւնը կը նահանջէ, որովհետեւ ինչպէս կ՝ըսէ Սուրբ Պօղոսը, մարդու կողմէ գործուած մարդու շահագործումը կը վերանայ եթէ կարող դառնանք մէկ միւսին ընդունելու որպէս եղբայրներ։
Կարդինալ Փարոլին Քահանայապետի անունով յղած պատգամին մէջ ընդգծեց նաեւ ընդհանուր տան հոգ տանելու իրաւունքն ու պարտականութիւնը
զոր Տէրը վստահեցաւ, որպէս մատակարարեր, որպէսզի ոչ մէկ անպատասխանատու կերպով կործանէ Արարիչին բարութեան եւ գեղեցկութեան մասին խօսող բնական բարիքները եւ Առաւել եւս՝ չ՝ենթարկուի անոնց, որպէս բնութեան ստրուկ կամ երկրպագու, քանի որ այս բաները մեզի տրուած են Աստուած գովաբանելու եւ այդպիսով ստանալու մեր հոգիներուն փրկութիւնը։ (Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլա, հոգւոր կրթութիւնները, 23).
Կարդինալ Փարոլին պատգամը աւարտեց փոխանցելով Նորին Սրբութեան առաքելական օրհնութիւնը Ամազոնի տարածաշրջանի եպիսկոպոսներուն ու անոնց հովուական ծառայութեան յանձնուած հաւատացեալներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
