Որոնել

ՍԷՔԱՄ ՍԷՔԱՄ 

Լեւոն ԺԴ. Ափրիկէ եկեղեցւոյ. Խթանել միութիւնը հասարակութեան պառակտուածութեան միջեւ

Կարդինալ Ամրպոճոյին ուղղած, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրած պատգամին մէջ Լեւոն ԺԴ Պապը ողջունեց Քիքալի եւ Ռուանտայի մէջ գումարուած ու վերջ գտած «ՍէՔԱՄ» ի 20-րդ ընդհանուր նիստի մասնակիցները ու յորդորեց տեղական եկեղեցիները ըլլալու «յոյսի շօշափելի նշաններ» բոլորին համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Եղէք «Յոյսի նշաններ» եւ խթանեցէք «միութիւնը, յատկապէս հասարակութեան այն հատուածներուն մէջ, որոնք բաժնուած են բաժանումով եւ բեւեռացմամբ։ Սա եղաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին Ափրիկի եպիսկոպոսներուն փոխանցած հրաւէր, որոնք հաւաքուեցան են Քիկալի եւ Ռվանտային մէջ մինչեւ 4 օգոստոս, ՍԷՔԱՄի՝ «Ափրիկէի եւ Մատասքարի մէջ եպիկոպոսաց համահաւաք դասերու գիտաժողով» ի 20-րդ ընդհանուր ժողովին համար։

Վատիկանի Պետաքական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրած ՍԷՔԱՄի նախագահ եւ Քինշաշայի արքեպիկոպոս, կարդինալ Ֆրիտոլին Ամպոնկօ Պէզունկուիյ ուղղած պատգամին մէջ Քահանայապետը ողջունեց ու իր աջակցութիւնը յայտնեց, բոլոր անոնց որոնք նուիրուած են «Քրիստոսի՝ յոյսի, համերաշխութեան եւ խաղաղութեան աղբիւր» թեմայով աշխատանքներուն ։

Աստուծոյ սիրոյ փորձառութիւնը

Քահանայապետը մաղթեց որ հանդիպումը կարենայ ըլլալ «Աստուծոյ սիրոյ խորաթափանց փորձառութիւն, որպէսզի սիրտերուն մէջ արթնցնէ Քրիստոսի փրկութեան անսասան յոյսը»։ Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց բոլորը աշխատելու միութեան համար, որպէսզի տեղական եկեղեցիները միշտ ըլլան յոյսի նշաններ «բոլոր մարդոց համար, վստահելով «Յոյսի մօր» Տիրամօր Ափրիկէի մէջ եկեղեցւոյ ապագայ ծրագիրները։

«ՍԷՔԱՄ»ի ընդհանուր ժողովը սկիզբ առաւ անցեալ 28 յուլիսին եւ աւարտեցաւ երկուշաբթի 4 օգոստոսին։ Ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ «Մարդկային Համապարփակ զարգացման համար» վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Միքայէլ Չեռնին։ Ներկայ եղան աւելի քան 200 պատուիրակներ, որոնք շարքին, 14 կարդինալներ, 85 եպիսկոպոսներ, 72 քահանաներ եւ տասնեակ կրօնաւորներ, ինչպէս նաեւ աշխարհական հաւատացեալներ։ Ընդհանուր ժողովին բացումը կատարեց կարդինալ Ամպոնկոն, որ ի սիրտէ կոչ ըրաւ որպէսզի վերջ գտնեն բռնութիւնները, հալածանքները եւ աշխարհի տարբեր հատուածներուն մէջ զինուած հակամարտութիւնները ու խաղաղութիւն հայցեց Ափրէիկէի մէջ պատերազմներէն, տեղահանութիւններէն եւ բնապահապանական ճգնաժամերէն տուժած տարածքներուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2025, 14:12