Որոնել

Cavalieri di Colombo giubotti per bambini in Ucraina

Լեւոն ԺԴ Պապին լսատեսողական պատգամը Քոլոմպոյի Ասպետներու Գերագոյն Համաժողովի մասնակիցներուն

«Դուք համախմբուած էք Յոյսի Յոբելենական տարուան ընթացքին, որ կը քաջալերէ Տիեզերական Եկեղեցին ու նաեւ համայն աշխարհը, խորհրդածելու այս հիմնական առաքինութեան մասին, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը նկարագրեց որպէս «բարի իղձ ու ձգտում, թէեւ չենք գիտեր ինչ պիտի բերէ մեզի վաղուան օրը» ըսաւ պատգամին սկիզբը Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ներկաներուն հետ կիսելով մի քանի հակիրճ գաղափարներ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Չորեքշաբթի` 6 օգոստոս 2025-ին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղեց «Քոլոմպոյի Ասպետներու» 143-րդ Գերագոյն Համաժողովի մասնակիցներուն, որոնք իրենց այս ժողովը գումարած են Ուաշինկթընի մէջ եւ որուն բացման արարողութեան առիթով կան բազմաթիւ առցանց մասնակցողները` որոնց եւս Սրբազան Պապը ուղղեց իր յատուկ ողջոյնը։

«Դուք համախմբուած էք Յոյսի Յոբելենական տարուան ընթացքին, որ կը քաջալերէ Տիեզերական Եկեղեցին ու նաեւ համայն աշխարհը, խորհրդածելու այս հիմնական առաքինութեան մասին, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը նկարագրեց որպէս «բարի իղձ ու ձգտում, թէեւ չենք գիտեր ինչ պիտի բերէ մեզի վաղուան օրը» ըսաւ պատգամին սկիզբը Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ներկաներուն հետ կիսելով մի քանի հակիրճ գաղափարներ նախ յիշեցնելով որ «Քրիստոնէական յոյսը իր ակնաղբիւրը ունի Յիսուս Քրիստոսի մէջ ու թէ Եկեղեցին կանչուած է ըլլալու անոր կենդանի նշանը Աւետարանի եւ գործերու միջոցաւ»։

Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա Ասպետական Կարգի հիմնադիր Երանելի Michael McGivney-ի մասին, որ «տեսնելով բազմաթիւ կաթողիկէ գաղթականներու կարիքները  փորձեց սփոփանք տանիլ աղքատներուն եւ տառապողներուն, Sourb  Խորհուրդներու մատակարարման հաւատարմութեամբ եւ եղբայրական օժանդակութեամբ, որ կը շարունակուին նաեւ այսօր», ըսաւ Սրբազան Պապը ապա ակնարկեց համաժողովին համար ընտրուած նիւթին` «Յոյսի աւետաբերներ», որ ըսաւ Ան, «ձեզ կը հրաւիրէ դառնալու յոյսի նշաններe ձեր տեղական համայնքներուն մէջ»։

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց հուսկ Ասպետական Կարգին ջանքերը ուղղուած համախմբելու հասարակութեան անդամները` «աղօթքի, կազմաւորումին ու եղբայրութեան համար» եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց իրենց բարեսիրական գործունէութեան համար, յատկապէս աւելիով դիւրաբեկ ժողովուրդներուն ի սպաս անոնց ծառայութեան համար, որ «կը բերէ յոյս եւ բուժում ու կը շարունակէ «հիմնադիրի ազնիւ ժառանգութիւնը»։

Պատգամին աւարտին Սրբազան Պապը համաժողովին աշխատանքները յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Երանելի ՄքԿիվնիի հովանիին` բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2025, 08:30