Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Կարելի չէ ոչ մէկ ժողովուրդ աքսորել հարկադրաբար

Բոլոր ժողովուրդները, նոյնիսկ ամենափոքրերն ու ամենատկարները, պէտք է յարգուին հզօրներու կողմէ՝ իրենց ինքնութեան և իրաւունքներու մասնաւորապէս՝ սեփական հողերուն մէջ ապրելու իրաւունքի հարցին մէջ, և ոչ ոք կարող է զանոնք ստիպել հարկադիր աքսորի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 23 օգոստոսին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց «Chagos Refugees Group» ընկերակցութեան պատուիրակութեան անդամները, որ «տարիներ շարունակ յամառօրէն աշխատեցաք Չագոստեան ժողովուրդը իրենց կղզիները վերադարձնելու համար» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հաստատեց «Ես լիովին կը կիսեմ հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը, որուն դուք հանդիպեցաք 2023 թուականի յունիսին, եւ որ ձեզ խրախուսեց մեր գործողութիւններուն մէջ։ Երկու տարիներ ետք, ուրախ եմ որ ձեր գործը զգայի յաջողութեան հասաւ, քանի որ Չաքոս կղզիներու Մաուրիսիուս Հանրապետութեան վերադարձնելը, վերջերս հաստատուեցաւ պայմանագիրի ստորագրութեամբ։

Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կողմերուն, որոնք բանալով իրենց սիրտերը հասկցան Չաքոս կղզիներուն ժողովուրդի տառապանքները եւ հասան այս համաձայնութեան։ Ուրախ եմ, որ երկխօսութիւնը եւ միջազգային իրաւունքի որոշումներուն նկատմամբ յարգանքը, ինչպէս իմ նախորդս յոյս ունէր՝ Մաուրիուսի կատարած այցելութենէն ետք վերջապէս կարողացան շտկել լուրջ անարդարութիւնը», ըսաւ Ան։

«Բոլոր ժողովուրդները, նոյնիսկ ամենափոքրերն ու ամենատկարները, պէտք է յարգուին հզօրներու կողմէ՝ իրենց ինքնութեան և իրաւունքներու մասնաւորապէս՝ սեփական հողերուն մէջ ապրելու իրաւունքի հարցին մէջ, և ոչ ոք կարող է զանոնք ստիպել հարկադիր աքսորի», ըսաւ  Նորին Սրբութիւնը ու յոյս յայտնեց որ Մաուրիսիոսի իշխանութիւնները եւ միջազգային հանրութիւնը աշխատին ապահովուելու համար, «ձեր վերադարձը, 60 տարի ետք, լաւագոյն հնարաւոր պայմաններուն մէջ։ Նորին Սրբութիւնը ապահովուեց, որ Տեղական եկեղեցին երբեք բացակայ պիտի չ՝ըլլայ իր ներդրումը ունենալու, յատկապէս հոգեւոր նեդրումը, ինչպէս կատարեց դժուար ժամանակներուն մէջ։

«Այս աքսորի տարիները մեծ տառապանք պատճառեցին ձեզի։ Դուք ճանչցաք աղքատութիւնը, արհամարհանքը եւ մեկուսացումը։ Թող Տէրը աւելի լաւ ապագային յոյսով, բուժէ ձեր վէրքերը եւ պարգեւէ ներումի շնորհքը անոնց նկատմամբ որոնք վնաս հասուցին ձեզի», ըսաւ սրբազան Հայրը ու պատգամը աւարտեց հայցելով Սուրբ Տիրամօր հովանին ներկաներուն ու ընտանեկան պարագաներու  վրայ ու շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2025, 11:27