Սաստիկ տաքի պատճառաւ 13 օգոստոսի հրապարակային ունկնդրութիւնը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ի տես Հռոմի մէջ տիրող սաստիկ տաքին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին 13 օգոստոսի առաւօտեան գլխաւորելիք չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ, միշտ ժամը տասին։ Նորին Սրբութիւնը ապա պիտի փոխադրուի Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճար ողջունելու համար անոնք` որոնք չկարողացան տեղ գտնել դահլիճին մէջ և անոնք` որոնք ունկնդրութեան հետեւեցան սուրբ Պետրոս հրապարակին եւ «Փեթրիանօ» տարածքին վրայ զետեղուած հսկայական պաստառներու միջոցաւ:
Սոյն լուրը կը հաղորդէ Քահանայապետական Տան Հոգաբարձութիւնը։
Իսկ նոյն օրը կէսօրէն ետքը Լեւոն ԺԴ. Պապը դարձեալ պիտի փոխադրուի Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոց, մի քանի օրուայ հանգիստի համար, ուր պիտի բնակի «Վիլլա Պարպերինի» բնակարանին մէջ, որ կը գտնուի Պապական Առանձնատուներու ներքոյ։ Այս օրերուն ընթացքին` Ուրբաթ 15 օգոստոսին, ըստ լատինաց Սուրբ Կոյս Մարիամի Վերափոխման տօնին օրը, Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան ժամը տասին պատարագ պիտի մատուցէ Քասթել Կանտոլֆոյի Վիլլանովայի Սուրբ Թովմասի անուան ժողովրդապետութեան մէջ ապա ժամը 12 Քահանայապետական Պալատի մուտքէն պիտի արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։
Նորին Սրբութիւնը ապա Կիրակի 17 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 9.30, կիրակնօրեայ պատարագը պիտի մատուցէ Ալպանօ Լացիալէի մէջ գտնուող «Santa Maria della Rotonda» սրբավայրին մէջ, մասնակցութեամբ Թեմական Քարիթասի կողմէ խնամուած աղքատներուն ու Քարիթասի անձնակազմին։ Ան ապա Մարեմեան աղօթքը պիտի արտասանէ միշտ Քասթել Կանտոլֆոյի առաքելական պալատի մուտքէն, հուսկ կէսօրուան ճաշը պիտի կիսէ Քարիթասի կողմէ խնամուած աղքատներուն հետ Քահանայապետական Պալատի «Borgo Laudato si’» կեդրոնին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
