Որոնել

2025.05.18 Celebrazione Eucaristica per lâ  Inizio del Ministero Petrino del Vescovo di Roma Leone XIV

«Խաղաղութիւն ձեզի բոլորիդ՝ դէպի «զինաթափ և զինաթափող» խաղաղութիւն»

Հրատարակուեցաւ 2026 տարուայ Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ Քահանայապետական պատգամին բնաբանը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Խաղաղութիւն ձեզի բոլորիդ՝ դէպի «զինաթափ և զինաթափող» խաղաղութիւն» այս է 2026 տարուայ Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ Քահանայապետական պատգամին բնաբանը, որ յայտարարուեցաւ այսօր` երեքշաբթի 26 օգոստոս 2025-ին, Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատսեչութեան կողմէ հրատարակած հաղորդագրութեամբ։

«Լևոն ԺԴ Քահանայապետին 2026 թուականի Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ պատգամին նիւթը կոչ է մարդկութեան` մերժելու բռնութեան և պատերազմի տրամաբանութիւնը, ընդունելու սիրոյ և արդարութեան վրայ հիմնուած իսկական խաղաղութիւնը» կը կարդանք հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

«Այս խաղաղութիւնը պէտք է զինաթափ ըլլայ, այսինքն՝ չհիմնուի վախի, սպառնալիքներու կամ զէնքի վրայ, և ըլլայ զինաթափող, այսինքն ունակ լուծելու հակամարտութիւնները, բանալու սրտերը և առաջացնելու վստահութիւն, կարեկցանք և յոյս» նշուած է միշտ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ ուր կը հաստատուի նաեւ, թէ «Չի բաւեր խաղաղութիւնը հայցել, այլ պէտք է զայն մարմնաւորել կեանքի մը կենսակերպի մը մէջ- որ կը մերժէ բռնութեան որեւէ ձև՝ տեսանելի թէ կառուցուածքային»։

«Յարուցեալ Քրիստոսին ողջոյնը` «Խաղաղութիւն ձեզի» (Հմմտ. Յովհ. 20,19), հրաւէր մըն է ուղղուած բոլորին, հաւատացեալ եւ ոչ հաւատացեալ, քաղաքական պատասխանատուներ եւ քաղաքացիներ, կառուցելու համար Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ու միասին կերտելու խաղաղ ու մարդկային ապագայ մը» նշուած է միշտ Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատսեչութեան հրատարակած` 2026-ի խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ նիւթին հայող հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք թէ Խաղաղութեան միջազգային օրը հաստատուած է Պօղոս Զ Քահանայապետի կամքով եւ կը նշուի ամէն տարուայ Յունուար մէկին` Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ նուիրուած տօնին օրը։

Օրը հռչակուեցաւ 8 դեկտեմբեր 1967-ին նպատակ ունենալով տարուան առաջին օրը նուիրել խաղաղութեան համար աղօթքի։ Երկու տարի ետք ՄԱԿ-ը եւս Օրը որդեգրեց որպէս խաղաղութեան պաշտօնական օր։

Յայտնենք` որ այս պիտի հանդիսանայ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին Խաղաղութեան Օրուայ առաջին պատգամը որ ապա սովորութեան համաձայն պիտի ուղղուի աշխարհի բոլոր դիւանագիտութիւններուն եւ պիտի ներկայանայ որպէս Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ընթացքի ուղեցոյց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2025, 12:02