Որոնել

Սուրբ Օգոստինոս պազիլիքայի մէջ Սրբուհի Մոնիքային նուիրուած խորանը  Սուրբ Օգոստինոս պազիլիքայի մէջ Սրբուհի Մոնիքային նուիրուած խորանը  

Լեւոն ԺԴ. յիշեց այսօր յիշատակուող Սրբուհի Մոնիքայի ծիսական տօնը

«Այսօր կը յիշատակենք Սրբուհի Մոնիքայի ծիսական տօնը եւ վաղը պիտի յիշատակենք անոր զաւկին Սուրբ Օգոստինոսնը։ Հայցենք Տիրոջմէ, այս սիրելի երկու սուրբերու բարեխօսութեամբ, որ հետեւելով Աւետարանի տրամաբանութեան գիտնանք, սիրել ու մեր կեանքը նուիրեց ձրի եւ ազատ կերպով` ինչպէս ըրաւ Քրիստոս մեր յոյսը» Լեւոն ԺԴ.
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր կը յիշատակենք Սրբուհի Մոնիքայի ծիսական տօնը եւ վաղը պիտի յիշատակենք անոր զաւկին Սուրբ Օգոստինոսինը։ Հայցենք Տիրոջմէ, այս սիրելի երկու սուրբերու բարեխօսութեամբ, որ հետեւելով Աւետարանի տրամաբանութեան գիտնանք, սիրել ու մեր կեանքը նուիրել ձրի եւ ազատ կերպով` ինչպէս ըրաւ Քրիստոս մեր յոյսը» այս խօսքերով է որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, որ Օգոստինեան միաբանութեան անդամ է, յիշեց այսօր յիշատակուող միաբանութեան հիմնադիր Սուրբ Օգոստինոսի մայր Սրբուհի Մոիքայի ծիսական տօնը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած հրապարակին ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին։

Արդարեւ 27 օգոստոսին, Կաթողիկէ եկեղեցին կը յիշատակէ՝ Սուրբ Օգոստինոսի մայր՝ Սրբուհի Մոնիքայի ծիսական տօնը։ Ան կեանքի դժուար պահերու ընթացքին գիտցաւ յարատեւել հաւատքի ուղեւորութեան մէջ, սորվելով ընդունիլ Աստուծոյ կամքը, ու այս մէկը կարողացաւ կատարել աղօթքի ուժով։

Ան իր ամուսինը առաջնորդեց ընկալելու քրիստոնէական հաւատքը եւ մօտիկ եղաւ ու ընկերացաւ իր զաւակներու ուղեւորութեան, յատկապէս անդրանիկ զաւկին՝ Օգոստինոսին, որ մոլորուած էր աշխարհի հաճոյքներով եւ որ շնորհիւ իր մօր աղօթքներուն ու միջամտութիւններուն, դարձի եկաւ ու ապրեցաւ սրբակեաց կեանք մը՝ ինքզինք ամբողջովին նուիրելով Աստուծոյ ծառայութեան։

Պէրպէր ծագում ունեցող Սրբուհի Մոնիքան ծնած է 331 թուականին Հիւսիսային Ափրիկէի Թակասթէ քաղաքին մէջ՝ հարուստ ընտանիքի մը յարկին տակ, որ ունէր ամուր քրիստոնէական աւանդոյթներ։ Ան կ՛ամուսնանայ Փաթրիցիօ անունով հեթանոս մարդու մը հետ, փառասէր և դժուարին մարդ, որ նաև անհաւատարիմ էր։ Մոնիքան, քաղցր, բարեհամբոյր և ունակ ճիշտ պահերուն երկխօսութիւն գտնելու՝ իր սպասումի, համբերութեան և աղօթքի «մեթոդով» կը կարողանայ յաղթահարել ամուսնոյն դառնութիւնը և զայն առաջնորդել դէպի հաւատք։

22 տարեկանին Մոնիքան ի լոյս կ՛ընծայէ իր անդրանիկ զաւակը Օգոստինոսը, որուն ապա կը յաջորդեն Նավիճիոն ու այլ դուստր մը` որուն անունը կը մնայ անյայտ։ Մոնիքան զանոնք կը դաստիարակէ քրիստոնէական արժէքներով։

39 տարեկանին Մոնիքան այրի կը մնայ եւ կը ստիպուի ինք կառավարել ընտանեկան կալուածքը՝ անսահման սիրով նուիրուելով իր զաւակներու հոգատարութեան, բայց անոր ամենամեծ մտահոգութիւնը կը մնայ Օգոստինոսը «բազում արցունքներու որդին»՝ որ ճշմարտութիւնը որոնելու իր ջանքերուն մէջ կը հեռանայ կաթողիկէ հաւատքէն և կը թափառի մէկ փիլիսոփայութիւնէն միւսը։

Մոնիքան առ այդ երբեք չի դադարիր աղօթելէ անոր համար հետևելով անոր կեանքի բոլոր իրադարձութիւններուն՝ փորձելով միշտ մօտ մնալ անոր եւ ասոր համար է որ ան նախ կը փոխադրուի Կարթագէն ապա Իտալիա, երբ իր զաւակը իր աշխատանքային ասպարէզի գագաթնակէտին հասած կը փոխադրուի Միլան:

Մոնիքայի մայրական սէրն ու աղօթքները կ՛ուղեկցին Օգոստինոսի դարձին, և Միլանի եպիսկոպոս Ամպրոճոյի ձեռքով մկրտութիւնը ստանալէն յետոյ երբ Օգոստինոսը կ՛որոշէ վերադառնալ Թակասթէ՝ Աստուծոյ ծառաներու համայնք մը հիմնելու համար, անոր մայրը իր կողքին է, սակայն ճանապարհորդութեան ընթացքին Հռոմի ծովեզերեան շրջան գտնուող Օսթիա իրենց ժամանումին նաւին ուշացումին պատճառաւ կը ստիպուին մնալ այնտեղ եւ ճիշտ այս սպասումի ժամանակահատուածին մէջ է, որ Մոնիքան կը հասկնայ, որ իր կեանքը հասած է իր աւարտին եւ իր որդոյն կը խոստովանի, թէ իր կեանքի միակ իղձն ու նպատակը այն էր` որ ինք Օգոստինոսը տեսնէր դարձի եկած, «մահէս առաջ քեզ տեսնեմ քրիստոնեայ կաթողիկէ եւ Աստուած գոհացուց իմ այս իղձս» ըսած է Ան։

Մոնիքան կը մահանայ 56 տարեկանին ու անոր մարմինը կը զետեղուի այնտեղ, ուր այսօր կը գտնուի Հին Օսթիայի Սանդ' Աուրէա եկեղեցին, որ, հաւանաբար, ժամանակին վաղ քրիստոնէական պազիլիքա մըն էր, որուն կողքին նաեւ կայ դամբարանադաշտ մը։

15րդ դարուն Մարթինօ Ե Քահանայապետը անոր մասունքները փոխադրել կու տայ Հռոմ` ուր այսօր կը հանգչին Սուրբ Օգոստինոսի անուան պազիլիքային մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2025, 10:40