Լեւոն ԺԴ. Աւետարանչութիւնը Աստուծոյ հետ ունեցած հանդիպումի մասին վկայել է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Աւետարանչութեան դպրոցի իւրաքանչիւր բանալի« վկայելն է, այն մասին թէ ինչ խորհրդածեցինք Կեանքի Աստուծոյ հետ ունեցած հանդիպումի մասին» ։ Այս խօսքերով Լեւոն ԺԴ. Պապը սպաներէն լեզուով ամփոփեց Աւետարանի կրթութիւն տրամադրող հաստատութիւններուն առաքելութիւնը՝ այսօր, 29 օգոստոսին, առաւօտեան Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս Հռոմի մէջ մէջ գտնուող Սուրբ Անդրէասի Աւետարանչութեան դպրոցի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին։
Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի տիպարը
Քէպէքի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ժէրար Չիփրիէն եւ Դպրոցի հիմնադիր եւ միջազգային տնօրէն, փրոֆ Խօսէ Փրատօ Ֆլորեսը ողջունելէ ետք Քահանայապետը յիշեց, որ այսօր եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի նահատակութեան ծիսական տօնը, անձնաւորութիւն մը որ կարողէ «մեծապէս օգնել մեզի մտածելու այսօրուան աւետարանիչներուն առաքելութեան համար»։ Յովհաննէս Աւետարանիչի նախաբանը ըստ էութեան կը նկարագրէ Յովհաննէս Մկրտիչը, որպէս «Բանը մամին եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ» վկայողը։
Աւետեցէք այն ինչ, որ տեսաք եւ լսեցիք
Յովհաննէս Աւետարանիչը ինքը իր առաջին նամակին մէջ յայտարարած է իր առաքելութեան իմաստն ու նպատակը՝ որպէս աւետարանիչ. «Ինչ որ տեսանք ու լսեցինք» այս մասին կը կարդանք իր առաջին նամակին առաջին գլուխին մէջ, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, մենք եւս կ՝աւետենք ձեզի, որպէսզի դուք ալ հաղորդութիւն ունենաք մեր հետը։ Եւ մեր հաղորդութիւնը Հօր Անոր Որդոյն՝ Քրիստոսի հետն է։ «Որպէս մկրտուածներ մեր կոչումն է հաղորդել այն ինչ որ ստացանք, որպէսզի բոլորս կարենանք մէկ դառնալ Քրիստոսի մէջ» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու պատգամը աւարտեց հրաւիրելով ներկաները խորհրդածելու Սուրբերուն կեանքի մասին, որոնք հաւատարիմ գտնուեցան Յիսուս Քրիստոսի հետ, ու շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց արդիւնաբեր գործին համար քաջալերելով զանոնք շարունակելու յառաջ ընթանալ վերանորոգուած յոյսով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
