Սրբազան Պապը ընդլայնեց Վատիկանի մէջ աշխատող ծնողներուն պաշտպանութիւնն ու իրաւունքները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետը վաւերացուց` Տնտեսութեան Քարտուղարութեան Վերատեսուչին ստորագրութիւնը կրող նոր հրամանագիր մը որով կ՜ընդլայնուին Վատիկանի պաշտօնեաներու իրաւունքներն ու պաշտպանութիւնը՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով հաշմանդամ երեխաներ ունեցող ծնողներուն և ընտանիքներին:
Անոր մէջ պարունակուած հիմնական փոփոխութիւնները կը հային Հայրութեան արձակուրդին` որ զաւկի մը ծնունդին առիթով հինգ օրի վերածուած են եւ ամբողջութեամբ վճարովի ու կարելի է զանոնք առնել կամ միասնաբար կամ տարբեր հանգրուաններով պայմանաւ որ այս մէկը կատարուի մանուկին ծնունդէն ետը երեսուն օրուայ ընթացքին։
Հաշմանդամ զաւակներով ընտանիքները ապա վերոնշեալ հրամանագիրով կարելիութիւնը ունին իւրաքանչիւր ամսի երեք օր վճարովի արձակուրդ առնել խնամք տանելու համար իրենց զաւկին, եւ այդ օրերու ընթացքին արտօնուած չէ որեւէ այլ աշխատանք կատարել, առան արտօնութեան։
Հրամանագիրին մէջ հուսկ կը նշուի թէ հաշմանդամութեան պարագային այդ մէկը պէտք է ստուգուի Վատիկանի բժշկական յանձնախումբի մը կողմէ։
Իսկ ինչ կը հայի ընտանեկան նպաստներու հրամանագիրին մէջ նշուած են զանազան պարագաները որոնց հիման վրայ կարելի է օգտուիլ այդ նպաստներէն
Նոր հրամանագիրի նպատակն է՝ խթանել աշխատանքի և անձնական կեանքի հաւասարակշռութիւնը, յատկապէս խոցելիութեան և շարունակական խնամքի կարիքի դէպքերու պարագային։ Սոյն կարգադրութիւնը մաս կը կազմէ Վատիկանի ընտանեկան պաշտպանութեան կանոնակարգերու աւելի լայն թարմացումին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
