Որոնել

Աղօթքի հսկում Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի 5-րդ տարելիցին առիթով Աղօթքի հսկում Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի 5-րդ տարելիցին առիթով  

Լեւոն ԺԴ. պատգամը Պէյրութի Նաւահանգիստի պայթումի 5-րդ տարեդարձին առիթով

«Մինչ հաւաքուած էք Պէյրութի նաւահանգստին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական պայթումի 5-րդ տարելիցին առիթով, Սրբազան Պապը` Լևոն ԺԴ. ձեզի ու նաեւ բոլոր լիբանանցիներուն կը հաւաստիացնէ իր հոգևոր մօտիկութիւնը և աղօթքի հաղորդութիւնը» գրուած է պատգամին մէջ, զոր կը կրէ Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը եւ զոր հսկումին ընթացքին ընթերցեց Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակ Գերապ. Փաոլօ Պորճա։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` 4 օգոստոս 2025-ին յիշատակի օրն է` այն ահռելի պայթումին զոր հարուածեց Պէյրութի նաւահանգիստը ու ցնցեց համայն Լիբանանը։ Այդ թուականէն անցած են հինգ տարիներ եւ աղէտին պատճառած «վէրքերը» տակաւին կը շարունակին արիւնիլ, բազմաթիւ լիբանանցի ընտանիքներուն համար։

Այս տխուր տարելիցին առիթով Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ պատգամ մը յղած է այն հաւատացեալներուն` որոնք Կիրակի 3 օգոստոսի երեկոյեան մասնակցեցան աղօթքի հսկումին, զոր նուիրուած էր պայթումի զոհերուն։

«Մինչ հաւաքուած էք Պէյրութի նաւահանգստին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական պայթումի 5-րդ տարելիցին առիթով, Սրբազան Պապը` Լևոն ԺԴ. ձեզի ու նաեւ բոլոր լիբանանցիներուն կը հաւաստիացնէ իր հոգևոր մօտիկութիւնը և աղօթքի հաղորդութիւնը» գրուած է պատգամին մէջ, զոր հսկումին ընթացքին ընթերցեց Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակ Գերապ. Փաոլօ Պորճա։

«Այս ամփոփումի ու Խոկումի պահուն Ան ձեզ կը հրաւիրէ խորհրդածելու Քրիստոսի վերաբերմունքի և խօսքերու մասին՝ իր ընկեր Ղազարոսի մահուան առջև։ Արդարև, Յիսուս լուսաւորեց մեր մահուան խորհուրդը։ Մահուան առջև Ան լացաւ (հմմտ. Յովհաննէս 11։35), և անոր արցունքները կը միանան մեր արցունքներուն՝ մեր սիրելիներուն կորուստի և տառապանքի առջև» նշուած է պատգամին մէջ ուր հաստատուած է նաեւ որ «Այսպիսով Քրիստոս մօտ է ձեզմէ իւրաքանչիւրին»։

Աղօթքի հսկում Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի 5-րդ տարելիցին առիթով
Աղօթքի հսկում Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի 5-րդ տարելիցին առիթով

«Յիսուս ապա աղօթեց Հօր, աղբիւրը կեանքին, եւ մեզի նշան մը տալու համար, Ղազարոսին հրահանգեց, որ դուրս գայ գերեզմանէն։ Եւ այն է այն ինչ որ պատահեցաւ։ Քրիստոնէական յոյսը այստեղ կը գտնէ այն վստահութիւնը, որ Քրիստոս` կեանքի Աստուածն է, և որ մահը չունի և երբեք պիտի չունենայ վերջին խօսքը. Յիսուս` մեր Փրկիչն է։ Ինչպէս Մարթային, որ կը սգար իր եղբօր՝ Ղազարոսին մահը, Տէրը ձեզի ալ կ՛ըսէ. «Ես եմ յարութիւն և կեանք։ Ով որ ինծի հաւատայ, նոյնիսկ եթէ մեռնի, պիտի ապրի, և ով որ կ՛ապրի եւ ինծի կը հաւատայ, երբեք պիտի չմեռնի։ Կը հաւատա՞ս ասոր» (Յովհ. 11։25-26):

«Եթէ մահուան եւ տառապանքի խորհուրդին դիմաց մենք կը մնանք յայտնուած խաւարին մէջ, Տէրը մեզի կ՛առաջարկէ հաւատքին լոյսը։ Անիկա մահուան դիմաց մեր յոյսն է։ Եւ անոնց համար` որ կը հաւատան, Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդէն ետքը մեզի բացուեցաւ դուռ մը, դէպի Հօր տունը, ուր Աստուած մեզ կը սպասէ» կը կարդանք միշտ Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող վերոնշեալ պատգամին մէջ, ուր ապա գրուած է թէ «Սրբազան Պապը ձեզ կը հրաւիրէ, ձեր Երկրին խորհրդանիշ Լիբանանի Մայրիներուն նման, նայելու դէպի Երկինք, այնտեղ է որ կը գտնուի մեր Հայրը Աստուած»։

«Քահանայապետը ջերմեռանդ կերպով կը ցանկանայ, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը զգայ իր, ինչպէս նաև ամբողջ Եկեղեցւոյ սէրը։ Ան կ՛ աղօթէ ողորմած Հօր, որպէսզի իր հանգստութեան, լոյսի և խաղաղութեան տան մէջ ընդունի բոլոր անոնք, որոնք կորսնցուցին իրենց կեանքը այդ պայթումի ժամանակ» գրած է Կարդինալ Փարոլինը հաւաստիացնելով նաեւ Նորին Սրբութեան կարեկցանքը բոլոր անոնց որոնք կը տառապին իրենց սիրելիներու կորուստին համար, ինչպէս նաև անոնց, որոնք այդ աղէտի հետեւանքով վիրաւորուեցան կամ կորսնցուցին ամէն ինչ։

«Սիրելի և տառապող Լիբանանը կը մնայ Սրբազան Պապին աղօթքներուն կիզակէտը», հաստատած է հուսկ Վատիկանի Պետական քարտուղարը Քահանայապետին շնորհակալութիւնները փոխանցելով բոլոր եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւոր եւ կրօնաւորուհիներուն, որոնք մօտիկ են ժողովուրդին ու թիկունք կը կանգնին անոր, օգնելով հայեացքը միշտ սեւեռած պահելու դէպի Երկինք ու Երկիրն վրայ քալելու յոյսով, մասնաւորապէս փորձանքներու ժամանակ։

«Ձեզ վստահելով Սուրբ Կոյս Մարիամին, ինչպէս նաև Սուրբ Շարպելի և միւս լիբանանցի սուրբերու պաշտպանութեան ու մայրական բարեխօսութեան, Սրբազան Պապը , որպէս մխիթարութեան նշան, իր ամբողջ սրտով ձեզի կը շնորհէ առաքելական օրհնութիւնը» գրուած է Լիբանանի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հինգերորդ տարեդարձին առիթով Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին լիբանանցի ժողովուրդին յղած պատգամին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2025, 12:17