17 օգոստոսին Լեւոն ԺԴ. Պապը Պատարագ պիտի մատուցէ Ալպանօ Թեմի հոգածութեան տակ գտնուող աղքատներուն հետ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Քահանայապետական Տան հոգաբարձութիւնը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ կիրակի 17 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 9,30ին, Լեւոն ԺԴ Պապ պիտի այցելէ Ալպանօ քաղաքին մէջ գտնուող «Սանթա Մարիա Տէլլա Ռոտոնտա» սրբավայրը սուրբ պատարագ մատուցանելու համար թեմի հոգածութեան տակ գտնուող աղքատներուն ինչպէս նաեւ թեմական Լարիթասի աշխատակիցներուն հետ։ Կէսօրին, Քասթէլ Կանտոլֆոյի ազատութեան հրապարակին վրայ Քահանայապետը պիտի արտասանէ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը» նշուած Քահանայապետական Տան հոգաբարձութեան հաղորդագրութեան մը։
Նշենք թէ, Լեւոն ԺԴ. Պապ սուրբ Պատարագ մատուցած էր Ալպանօ գիւղաքաղաքին մէջ անցեալ 20 յուլիսի, ամառնային արձակուրդին ընթացքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
