Որոնել

2025.08.08 Albano Laziale Santuario di Santa Maria della Rotonda 4

Ալպանոյի մէջ Պապը պիտի ճաշէ աղքատներուն հետ։ «Մարդասիրութիւնը արձակուրդի չ՝երթար», ըսաւ Ալպանոյի եպիսկոպոսը

17 Օգոստոսին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը պիտի վերադառնայ Ալպանօ Լացիալէ աղքատներուն հետ հանդիպելու համար։ Ալպանօ Թեմի եպիսկոպոսին զրոյցը Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 17 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 9,30ին, «Սանթա Մարիա Տէլլա Ռոդոնտա» սրբավայրին մէջ Քահանայապետը պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագ, ապա ժամը 12ին, «Քասթել Կանտոլֆօ»ի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ պիտի արտասանէ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, որմէ ետք կէսօրուան ճաշը պիտի կիսէ, թեմի եւ ընտանիքներուն տուներուն մօտ հիւրընկալուած աւելի քան 200 խոցելի, աղքատ անձերուն հետ, ինչպէս նաեւ գերպ Վինչէնզօ Վիվայի, կամաւորներուն, Ալէսիօ Ռոսի Քարիթասի տնօրէնին հետ։

Վատիկանի Լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, Ալպանօ թեմի եպիկոսպոս գերպ Վինչենցօ Վիվա նշեց, որ Պապին սոյն այցելութիւնը մաս կը կազմէ հովուական ծառայութեան գործունէութիւններուն, յատկանշուած Պապին այն փափաքէն հանիպելու աղքատներուն հետ նաեւ արձակուրդի օրերուն, որպէս բարեկամութեան եւ մօտիկութեան նշան։

Գերպ Վինչէնօ Վիվա նշեց որ Քահանայապետը՝ որ յայտնի է ամենաշատ կարիքաւորներուն իր մտերմութեամբ, ուրախութեամբ ընդունեց Քարիթասի լսողական կեդրոնի այս առաջարկը ու Պապին ներկայութիւնը թեմին մէջ նպատակ ունի վկայելու, որ աղքատները Քրիստոսի դէմք են եւ Ալպանոյի թեմը որ կը տարածուի Քասթել Կանտոլֆոյէն մինչեւ ափ կը դիմագրաւէ աղքատութեան տարբեր ձեւեր՝ տեսանելի եւ անտեսանելի, ինչպէս ոչ բաւարար եկամուտ ունեցող ընտանիքները, ընկերային գործունէութիւններէն զրկուած երեխաները, անօթեւանները, եւ առօրեայ ծախսերը հոգալու անկարող մարդիկ, ըսաւ Ալպանոյի եպիսկոպոսը մատնանշելով, որ Քարիթասի Լսողական կեդրոններուն եւ ընկերային սեղանատուներու ցանցը այդ օգնութեան հիմնական գործիքներն են։

Գերպ Վիվա ապա նկատել տուաւ թէ Ալպանոյի միջավայրը, որ աւանդաբար նկատուած է որպէս հանգստավայր, արձակուրդի վայր նաեւ լի է դժուարութիւններով ու Քահանայապետին այցը, նպատակ ունի ուշադրութիւն հրաւիրել աճող անհաւասարութեան եւ աղքատութեան վրայ, որոնք յաճախ կը մնան թաքնուած ու Ալպանոյի պատմական վայրերու ներկայութիւնը ինչպէս Ռոդոնտայի Տիրամօր սրբավայրը, կ՝ընդգծէ թեմի նուիրուածութեան եւ քրիստոնէական պատմութեան խոր արմատները։

Ի վերջոյ զրոյցի ընթացքին Ալպանոյի եպիսկոպոսը նշեց, թէ Պապին այս այցելութիւնը մաս կը կազմէ Յոյբելինական տարուան այն լայն պատգամին որ հրաւէր է արդարութեան, համերաշխութեան եւ ողորմածութեան՝ ընդգծելով բարեգործութեան շօշափելի գործողութիւններուն կարեւորութիւնը, անհաւասարութեամբ բնորոշուած աշխարհին մէջ։

Քահանայապետը ըսաւ Գերպ Վիլլա նաեւ յիշած է աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ հալածուած քրիստոնեաներու եւ համաշխարհային աղքատութեան իրավիճակները՝ կոչ ընելու բաց սիրտի եւ համերաշխութեան, որ կը տարածուի սահմաններէն այն կողմ՝ աշխարհի մէջ տառապանքի եւ անարդարութեան իրականութեան նկատմամբ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2025, 08:54