Լեւոն ԺԴ. Եկեղեցին պէտք է ըլլայ յոյսի լոյսը եւ փարոսը ազգերուն համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց Աստուածաբանական եւ հովուական ծառայութեան Համափրիկեան Կաթողիկէ Ցանցին՝ ցանցի երրորդ համագումարին առիթով։
Պատգամին մէջ Քահանայապետը ողջունեց Համափրիկեան կաթողիկէ երրորդ համագումարին մասնակիցները, շնորհակալութիւն յայտնելով կազմակերպիչներուն ու իր աղօթքը ապահովելով բոլորին համար։
Նորին Սրբութիւնը ապա յիշեց երկրորդ համագումարին մասնակիցներուն յղած Ֆրանչիսկոս Պապին այն խօսքը, որուն մէջ ընդգծած էր հաւատքի կարեւորութիւնը ու անդրադարձաւ Յոյսի առաքինութեան, որուն նուիրուած է յոբելինական տարին հաստատելով` որ յոյսը հիմնարար առաքինութիւն է, որ կը կապէ հաւատքն ու բարեգործութիւնը եւ կ՛ ոգեկոչէ երկնային կեանքի լիութեան հասնելու փափաքը եւ մեզ կը պաշտպանէ դժուար ժամանակներուն ինչպէս Ափրիկէի եւ աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ տեղի ունեցած մարտահրաւէրներ որոնց բերումով աճախ մատնուած ենք յուսահատութեան։ «Եկեղեցին պէտք է ըլլայ յոյսի լոյսը եւ փարոսը ազգերուն համար», նշեց Սրբազան հայրը։
Ան ապա անդրադարձաւ համագումարի կարգախօսին, «Միասին քալել յոյսի մէջ, որպէս Աստուծոյ Ընտանիք Ափրիկէի մէջ» եւ ասկէ մեկնելով նշեց, որ այս նիւթը կ՝ընդգծէ Աստուծոյ հետ անձնական հանդիպում մշակելու եւ Մկրտութեան մէջ միացած ընտանիք զգալու կարեւորութիւնը, մէկը միւսին եւ ուրիշներուն հոգ տանելու պատասխանատուութեամբ։ «Ընտանիքը կը ներկայացնէ սիրոյ եւ աջակցութեան հիմնական միջավայրը, որ կարեւոր է կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու համար» նշեց ի միջի այլոց Քահանայապետը ու հրաւիրեց ամրապնդելու տեղական եկեղեցիները՝ստեղծելով բոլորին համար աջակցութեան ցանցեր, մասնաւորապէս արուարձաններուն մէջ։
Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը ընդգծեց Աստուածաբանութեան եւ Հովուական ծառայութեան աշխատանքին միջեւ միութիւնը տեսնելու կարեւորութիւնը։ «Պէտք է ապրինք այն ինչ, որ կը հաւատանք։ Քրիստոս ըսաւ, որ եկած է ոչ միայն մեզի կեանք տալու, այլ առատօրէն տալու զայն։ Հետեւաբար ձեր պարտականութիւնն է միասին աշխատիլ իրականացնելու համար հովուական ծառայութեան ծրագիրներ, որոնք ցոյց կու տան թէ ինչպէս եկեղեցին կ՝օգնէ բանալու մարդկանց սիրտերն ու միտքերը Աստուծոյ սիրոյ եւ ճշմարտութեան» նշեց Քահանայապետը ու պատգամը եզրափակեց վստահելով Կաթողիկէ Աստուածաբանական ցանցի աշխատանքը Սուրբ Կոյս Մարիամի` Եկեղեցւոյ Մօր բարեխօսութեան, որպէսզի Ան առաջնորդէ ու ոգեշնչէ բոլորին ջանքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
