Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Ներումը չսպասեր զղջումին, ան անվճար պարգեւ է

Այսօրուան հրապարակային ունկնդրութիւնը Սրբազան Հայրը կեդրոնացուց «Աւետարանին ամենաշատ ցնցող եւ լուսաւոր ժեսթերէն մէկու վրայ՝ այն պահուն վրայ, երբ Յիսուս Վերջին ընթրիքի ժամանակ պատառ մը առաջարկեց, անոր որ զինք պիտի դաւաճանէ։ Սա միայն բաժնեկցութեան ժեսթ մը չէ, առ աւելի է. Սա սիրոյ վերջին փորձն է ՝ չյանձնուելու»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 20 օգոստոս 2025-ին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Հռոմի մէջ Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը գլխաւորեց Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ համախմբուած բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Այսօրուան հրապարակային ունկնդրութիւնը Քահանայապետը կեդրոնացուց «Աւետարանին ամենաշատ ցնցող եւ լուսաւոր ժեսթերէն մէկու վրայ՝ այն պահուն վրայ, երբ Յիսուս Վերջին ընթրիքի ժամանակ պատառ մը առաջարկեց անոր, որ զինք պիտի դաւաճանէ։ Սա միայն բաժնեկցութեան ժեսթ մը չէ, առ աւելի է. Սա սիրոյ վերջին փորձն է ՝ չյանձնուելու», ըսաւ Սրբազան Հայրը, ապա մէջբերելով Յովհաննէս Աւետարանիչի խօսքերը, «Յիսուս, գիտնալով, թէ հասած է իր ժամը... ծայր աստիճան սիրեց զանոնք», Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, թէ սա «Սէր է, որ չի դադրիր մերժումի, յուսախաբութեան կամ նոյնիսկ անշնորհակալութեան առջեւ։ Յիսուս գիտէ ժամը, բայց չ՝ենթարկուիր անոր։ Ինքն է, որ կը ճանչնայ այն պահը, երբ իր սէրը պէտք է որ  դիմանայ ամենացաւալի վէրքին՝ դաւաճանութեան։ Յիսուս նահանջելու, պաշտպանուելու փոխարէն կը շարունակէ սիրել. Ան ոտքերը կը լուայ, հացը կը թաթախէ ու կ՝առաջարկէ։

Լեւոն ԺԴ. Պապը ապա մեկնաբանելով Յովհաննէսի աւետարանիչէն քաղուած հետեւեալ համարը, «Ան է, պատասխանեց Յիսուս, որուն պիտի տամ պատառը՝ զայն թաթխելէ ետք» (Յովհ 13,26),  նշեց «Սյս պարզ եւ խոնարհ ժեսթով Յիսուս յառաջ կը տանի ու կը խորացնէ իր սէրը։ Ոչ թէ որովհետեւ Ան կ՝անտեսէ այն ինչ, որ կը պատահի, այլ պարզապէս յստակ կը տեսնէ։ Ան հասկցաւ, որ ուրիշներուն ազատութիւնը, նոյնիսկ երբ չարին մէջ կը կորսուի, կարելի է հասնիլ անոր նուրբ Ժեսթի միջոցաւ։ Որովհետեւ Ան գիտէ, որ իսկական ներումը չի սպասեր զղջումին, այլ Ինքն իրեն կ՝առաջարկէ, որպէս անվճար պարգեւ նոյնիսկ նախքան ստացուած ըլլայ։

Նորին Սրբութիւնը ապա մեկնաբանելով Աւետարանին հետեւեալ հատուածը, «Պատառը առնելէ ետք՝ սատանան մտաւ անոր մէջ։( Յովհ 27), նշեց որ «Այս հատուածը կը զարմացնէ մեզի, կարծես թէ չարը՝ որ մինչեւ այն պահուն թաքնուած էր, կը բացայայտնուի այն բանէն ետք, երբ սէրը ցոյց տուաւ իր անզէն դէմքը։ Այս պատճառով է, որ այդ պատառը մեր փրկութիւնն է, որովհետեւ մեզի կ՝ըսէ, որ Աստուած ամէն ինչ կ՝ընէ՝ բացարձակապէս ամէն ինչ՝ մեզի հասնելու համար, նոյնիսկ այն ժամուն երբ կը մերժենք զինք»։ 

Խօսքը կեդրոնացնելով ներումին վրայ, Լեւոն ԺԴ. Պապը յարեց, թէ «Ներումը մոռացկոտութիւն չէ, թուլութիւն չէ։ Ներումը ուրիշներուն ազատ ձգելու ունակութիւն է՝ նոյնիսկ մինչեւ ծայր աստիճան սիրելով։ Յիսուսի Սէրը չմերժեր ցաւի ճշմարտութիւնը, բայց թոյլ չտար, որ չարը վերջին խօսքը ըլլայ։ Սա է այն խորհուրդը, զոր Յիսուս կը կատարէ մեզի համար, որուն մենք երբեմն կանչուած ենք մասնակցելու։ Քանի՞ յարաբերութիւններ կը խզուին, քանի պատմութիւններ կը բարդանան, քանի չ՝ըսուած խօսքեր ընդհատուած կը մնան։ Եւ սակայն, Աւետարանը մեզի ցոյց կու տայ, որ միշտ կայ ձեւ մը շարունակելու համար սիրելը, նոյնիսկ երբ ամէն ինչ կը թուի անդառնալիօրէն փոխ զիջուած։ Ներել չի նշանակեր ժխտել չարիքը, այլ կանխել, որ ան աւելի շատ չարիք չծնի։ Խօսքը չի վերաբերիր ըսելու, որ ոչինչ պատահեցաւ, այլ կատարել ամէն բան, որպէսզի վրդովմունքը չ՝որոշէ ապագան», ըսաւ Ան

Շարունակելով հրապարակային ունկնդրութիւնը Քահանայապետը խօսեցաւ Յուդայի մասին ըսելով .

«Երբ Յուդան դուրս ելաւ սենեակէն, «գիշերէ էր»» (Յովհ 13, 30). Սակայն անմիջապէս յետոյ Յիսուս ըսաւ, «Հիմա Փառաւորուեցաւ Մարդու Որդին»։ (Յովհ 13, 31). Դեռ գիշեր էր, բայց լոյսը արդեն սկսած է փայլիլ։ Եւ անիկա կը փայլէր, որովհետեւ Քրիստոսը հաւատարիմ մնաց մինչեւ վերջ, եւ այդպէսով Անոր Սէրը աւելի ուժեղ է, քան ատելութիւնը»։

«Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, մենք նոյնպէս կ՝ապրինք ցաւոտ եւ յոգնեցուցիչ գիշերներ։ Հոգիի գիշերներ, յուսախաբութեան գիշերներ։ Գիշերներ, երբ մէկ մը մեզ վիրաւորեց կամ դաւաճանեց։ Այդ պահերուն, փորձութիւնը ունինք մեր մէջ փակուելու, պաշտպանուելու, հակահարուածելու։ Բայց Տէրը մեզի ցոյց կու տայ այն յոյսը, որ միշտ գոյութիւն ունի այլ ճանապարհ մը։ Ան մեզի կը սորվեցնէ, որ կարող ենք պատառ մը մատուցել անոր որ իր երեսը ետեւ կը դարձնէ մեզմէ ։ Ան մեզի կը սորվեցնէ որ կարելի է պատասխանել վստահութեան լռութեամբ, եւ որ կարելի է առաջ շարժիլ արժանապատուութեամբ, առանց հրաժարելու սէրէն»։

Լեւոն ԺԴ. ունկնդրութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով հայցելու «Շնորքհը՝ իմանալու թէ ինչպէս ներել, նոյնիսկ երբ մենք կը զգանք, որ անհասկցուած ենք, նոյնիսկ երբ մենք լքուած կը զգանք։ Որովհետեւ ճիշդ այդ ժամերուն է, որ սէրը կարող է հասնիլ իր գագաթնակէտին։ Ինչպէս Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ, սիրել կը նշանակէ ազատ ձգել՝ նոյնիսկ դաւաճանել, առանց երբեք դադրելու հաւատալէ,որ նոյնիսկ այդ ազատութիւնը՝վիրաւորուած կամ կորսուած, կարելի է խլել խաւարի խաբէութենէն եւ վերադարձնել բարութեան լոյսին։

Երբ ներումի լոյսը կարենայ թափանցել սիրտի ամենախոր ճեղքերու միջեւ, մենք կը հասկնանք որ անիկա երբեք ապարդիւն չէ։ Նոյնիսկ եթէ միւսը չ՝ընդունիր այդ, նոյնիսկ եթէ անօգուտ կը թուի, ներողամտութիւնը կ՝ազատէ տուողին։ Ներողամտութիւնը կը լուծէ քինախնդրութիւնը, կը վերականգնէ խաղաղութիւնը եւ մեզի կը վերադարձնէ մեր անձը.

Լեւոն ԺԴ. Հրապարակային ունկնդրութիւնը աւարտեց ըսելով, «Յիսուս հաց մատուցելու պարզ ժեսթով, ցոյց կու տայ, որ իւրաքանչիւր դաւաճանութիւն կրնայ փրկութեան հնարաւորութիւն դառնալ՝ եթէ ընտրուի որպէս աւելի մեծ սիրոյ տարածք։ Ան չի յանձնուիր չարին, այլ կը յաղթահարէ զայն բարիով՝ թոյլ չտալով որ մարէ մեր մէջ ամենաճշմարիտը՝ սիրելու կարողութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/08/2025, 10:46