Որոնել

Լեւոն ԺԴ ընդունեց Սեյշելի հանրապետութեան նախագահ Տիար Վավել Ռամքալավան։ Լեւոն ԺԴ ընդունեց Սեյշելի հանրապետութեան նախագահ Տիար Վավել Ռամքալավան։  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ ընդունեց Սեյշելի հանրապետութեան նախագահը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հաղորդագրութիւնը Լեւոն ԺԴ. Պապին Սեյշելի հանրապետութեան նախագահին հետ ունեցած հանդիպումին վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 22 օգոստոսին, Վատիկանի Առաքելական պալատի Իր գրասենեակին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Սեյշելի հանրապետութեան նախագահ, Տիար Վավել Ռամքալավան։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ, Պետութիւններուն հետ արտաքին յարաբերութիւններուն հետ ենթաքարտուղար, Գերպ Միրոսլավ Սթանիսլավօ Վաչովսքիի։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Սեյշելեան կղզիներուն միջեւ լաւ յարաբերութիւններու եւ քննարկուեցան երկրի քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակի կարգ մը երեւոյթները, մասնաւորապէս տեղական եկեղեցւոյ հետ համագործակցութիւնը՝ շրջակայի միջավայրի, առողջապահութեան եւ կրթութեան ոլորտներէն ներս, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով կղզեխումբի երիտասարդութեան կրթութեան։

Զրոյցը շարունակուեցաւ տարածաշրջանի եւ միջազգային հարցերու շուրջ միտքերու փոխանակումով՝ ընդգծելով ազգերու միջեւ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան խթանման կարեւորութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2025, 11:11