Լեւոն ԺԴ. Պապին քարոզը. Իրական յոյսը չի գար երկրային բաներէն այլ Աստուծմէ

Կիրակի 3 օգոստոսի առաւօտեան Հռոմի «Թոր Վերկաթա» շրջանին մէջ Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը գլխաւորեց Սուրբ Պատարագը ի ներկայութեամբ աւելի քան մէկ միլիոն երիտասարդներու։ Քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց երիտասարդները ձգտելու մեծ բաներու, սրբութեան... եւ չի բաւարարուելու քիչով
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 3 օգոստոսին, առաւօտեան, Երիտասարդներու Յոբելեանին վերջին օրը, Հռոմի «Թոր Վերկաթա» շրջանին մէջ Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը գլխաւորեց Սուրբ Պատարագը ներկայութեամբ աւելի քան մէկ միլիոն երիտասարդներուն։

«Երեկ՝ միասին ապրուած աղօթքի հսկումէն ետք, այսօր վերստին կը գտնուինք այստեղ տօնախմբելու համար Սուրբ հաղորդութիւնը, ամբողջական պարգեւի Խորհուրդը, զոր Տէրը ըրաւ մեզի համար»։ Այս խօսքերով է` որ Լեւոն ԺԴ Պապը սկսաւ իր քարոզը, Իր խօսքը կեդրոնացնելով Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին վրայ ու զայն կապելով Յիսուսի Էմմաւուսի աշակերտներուն հետ փորձառութեան, որոնք հանդիպեցան Յարուցեալին հետ, ճանչցան Անոր ներկայութիւնը հացին բեկանումին մէջ եւ գտան խաղաղութիւն եւ յոյսը։ (Ղուկ 24,13-35):

Յարուցեալի հետ հանդիպումը մեր կեանքը կը փոխէ

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց, որ այսօրուայ ծիսակատարութիւնը մեզ կը հրաւիրէ մտածելու Յարուցեալի հետ հանդիպումի մասին, որ մեր կեանքը, մեր զգացումները, փափաքները եւ մտածումները կը փոխէ։

Լեւոն ԺԴ. Պապը շեշտեց ապա, որ իմաստի եւ յաւերժութեան ծարաւը մեզ կը մղէ փնտռելու Աստուած, որ կը թակէ մեր հոգին ու կը հրաւիրէ բանալու մեր սիրտերը Իր առջեւ։ Սուրբ Օգոստինոսը եւ Ֆրանչիսկոս Պապը մեզի կը յիշեցնեն, որ իրական յոյսը չի գար երկրային բաներէն այլ Աստուծմէ, որուն ներկայութիւնը մեզ կը կոչէ խորաթափանց ուսումնասիրութեան եւ անձնական հանդիպումի ուղեւորութեան։

Ուղեւորութիւն եւ որոնում

Քահանայապետը ակնարկեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապին Լիզպոնի մէջ՝ երիտասարդներուն համաշխարհային օրուան ժամանակ արտասանած խօսքերուն. «Մեզմէ իւրաքանչիւրս կոչուած է դիմակայելու այն հարցերը, որոնք չ՝ունին պարզունակ եւ անմիջական պատասխան, բայց մեզ կը հրաւիրեն ուղեւորութեան մէջ դնելու մենք զմեզ, գերազանցելու մեր անձերը, երթալու անդին, դէպի վերելք մը` առանց որուն չկայ թռիչք։ Ուրեմն չվախնանք, եթէ մենք մեզ վերագտնենք ծարաւի, անհանգիստ, թերի եւ իմաստի ու ապագայի կարօտ։ Մենք հիւանդ չենք, կենդանի ենք...»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ նշեց` որ Քրիստոնէական կեանքը, իր խորագոյն իմաստին մէջ բացայայտումի ճամբորդութիւն է, որ կ՝իրականանայ պարգեւի, կիսելու եւ սիրելու մէջ։ Այս փորձառութիւնը նաեւ կ՝արտայայտուի այս օրերուն հանդիպումի, երկխօսութեան, ներումի եւ մասնակցութեան փորձառութիւններով, որոնք կը սորվեցնեն մեզի, որ իրական հարստութիւնը նիւթական բարիքներուն մէջ չէ, այլ հաւատքի եւ բարեգործութեան ուղեւորութեան մէջ։

Միացած մնալ Յիսուսին

Քահանայապետը նշեց` որ Քրիստոնէական յոյսը, ինչպէս կը յիշեցնէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, կը ծնի Յիսուսէն, որ մեր մէջ կը ներշնչէ մեր կեանքը մեծցնելու եւ աշխարհը բարելաւելու փափաքը։

«Միացած մնացէք Յիսոսին հետ, մնանք Անոր հետ բարեկամութեան մէջ՝ այս մէկը զարգացնելով աղօթքով, երկրպագութեամբ, Սուրբ Հաղորդութեամբ, յաճախակի խոստովանութեամբ և առատաձեռն բարեգործութեամբ, ինչպէս մեզի սորվեցուցին մօտ օրէն սուրբեր հռչակուելիք երանելի Փիերճորճօ Ֆրասասսին և Քարլօ Աքութիսը։ Ձգտեցէք մեծ բաներու, սրբութեան... Մի՛ բաւարարուիք քիչով եւ այդ ժամանակ կը տեսնէք թէ ինչպէս Աւետարանի լոյսը ամէն օր կ՜աճի ձեր մէջ և ձեր շուրջը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ երիտասարդները յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամին ու խրախուսելով շարունակել ուրախութեամբ քալել Փրկչին հետքերուն վրայ իրենց հաւատքի վկայութեամբ եւ խանդավառութեամբ վարակելով բոլոր անոնք որոնց կը հանդիպին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2025, 09:48