Լեւոն ԺԴ. Փոխադարձ ոչնչացումի սպառնալիքը թող իր տեղը զիջի երկխօսութեան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 6 օգոստոսին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Լեւոն ԺԴ. Պապը յիշելով Ճափոնի Հիրոշիմա քաղաքին վրայ ադոմական ռմբակոծումի 80 ամեակը Իր աղօթքը ապահովուեց, բոլոր անոնց, որոնք տուժած են այդ ռմբակոծումի հետեւանքներէն։
«Այսօր կը նշուի Ճափոնի Հիրոշիմա քաղաքի ադոմական ռմբակոծումի 80 ամեակը, իսկ երեք օր ետք պիտի յիշենք Նակազաքիի ռմբակոծումը։ Իմ աղօթքս կ՝ապահովուեմ բոլոր անոնց համար, որոնք տուժած են այդ ռմբակոծումի ֆիզիքական, հոգեբանական եւ ընկերային հետեւանքներէն», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դելադրելով, որ չնայած անցած տարիներուն, այդ ողբերգական իրադարձութիւնները կը ծառայեն որպէս համընդհանուր նախազգուշացնում պատերազմներուն՝ մասնաւորապէս միջուկային զէնքի աւերածութիւններուն դէմ, մաղթանք յայտնելով որ «ժամանակակից աշխարհին մէջ՝ որ բնորոշուած է ուժեղ լարուածութեամբ եւ արիւնալի հակամարտութիւններով, փոխադարձ ոչնչացումի սպառնալիքի վրայ հիմնուած ցնորական անվտանգութիւնը իր տեղը զիջի արդարադատութեան գործիքներուն, երկխօսութեան կիրառման եւ եղբայրութեան նկատմամբ վստահութեան»։
Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին քահանայապետը տարբեր լեզուներով ողջունելով հրապարակը գտնուող ուխտաւորները Իտալերէն լեզուով ողջունեց Իտալացի ուխտաւորները, մասնաւորապէս Կաթողիկէ առաքելութեան մայրապետները, Սուրբ Հաղորդութեան Միսիոնարական Աղախինները եւ Սուրբ ֆրանչիսկոսի միաբանութեան անդամներ, որոնք կը կը նշեն իրենց ընդհանուր ժողովները. «Սիրելի քոյրեր, սրտանց կը մաղթեմ, որ դուք կարենաք ձեր մէջ առ աւելիով կենդանի դարձնէք աւետարանակն վկայութիւնը՝ միաբանութեան շնորհապարգեւին համաձայն»։
Քահանայապետը ողջունեց նաեւ «Վիլլա Էսթէնսէ» ժողովրդապետութիւնը, սկաուտներ, Քոլլարմելէի շեփորախումբի անդամներ, բոլորի վրայ հայցելով Սուրբ Հոգիին պարգեւները ,որպէսզի «ձեր քրիստոնէական առատաձեռն վկայութեան մտադրութիւնները զօրանան»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
