Լեւոն ԺԴ.-ի հրաւէրը. 22 օգոստոսին, աղօթենք եւ ծոմ պահենք աշխարհի խաղաղութեան համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 20 օգոստոսին, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կայացած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Քահանայապետը կոչ ուղղեց հրաւիրելով աղօթելու աշխարհի խաղաղութեան համար, հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը ապա յիշեց, որ ուրբաթ 22 օգոստոսին, կը նշուի Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամի ծիսական տօնը ու խնդրեց հաւատացեալներէն որ «աղօթեն ու ծոմ պահեն հայցելով Տիրոջմէ որ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն պարգեւէ, ինչպէս նաեւ չորցնէ բոլոր անոնց արցունքները, որոնք կը տառապին ընթացող հակամարտութիւններուն հետեւանքով»։
«Սուրբ Կոյս Մարիամը» ըսաւ Սրբազան Հայրը կոչին մէջ «Երկրի վրայ հաւատացեալներու Մայրն է, նաեւ կոչուած է` Խաղաղութեան Թագուհի, մինչ՝ մեր Երկիրը շարունակ կը վիրաւորուի Սուրբ Երկրի եւ Ուքրանիոյ ինչպէս նաեւ աշխարհի այլ շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող պատերազմներէն»։
Նորին Սրբութիւնը տարբեր լեզուներով ողջունելով Հրապարակային ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալները Փորթուկալցի հաւատացեալներուն յիշեցուց ժողովուրդներուն եւ անհատներուն միջեւ խաղաղ համակեցութեան հիմնարար նախապայմանը. «Առանց ներումի երբեք խաղաղութիւն չկայ»։
Ան ապա ողջունեց հռոմի մէջ ներկայ գտնուող Լեհ հաւատացեալները, որոնք եկած են Լեհաստանի «Ժասնա Կորա Տիրամօր» սրբավայրէն, ուր պահպանուած է Չենսթոքովայի Տիրամայրը խնդրելով անոնցմէ որ իրենց աղօթքներուն մէջ հայցեն խաղաղութեան պարգեւը, զինաթափուած եւ զինաթափող խաղաղութիւնը, ողջ աշխարհի համար, մասնաւորապէս Ուքրանիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի համար։
Անդադար աղօթք Խաղաղութեան համար։
Նշենք, թէ երեկ 19 օգոստոսին, առաւօտեան Քահանայապետը այցելեց Փալեսթրինա թեմի Կուտայնոլօ շրջանի մէջ գտնուող Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի շատ սիրելի Տիրամօր սրբավայրը։ Այնտեղ, ինչպէս յայտնեց սրբավայրի տեսուչը քահանայապետը քալելով գնաց Տիրամօր մօտ ու մոմ վառեց աղօթելով աշխարհի խաղաղութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
