Լեւոն ԺԴ. Խոցուած աշխարհին մէջ Քրիստոնեաները կանչուած են «հաշտութեան հեղինակներ» ըլլալու
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սթոքհոլմի մէջ օգոստոս 18էն-24, կը գումարուի 2025 թուականին, Համամիութենական շաբաթը։ Այս առթիւ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը պատգամով մը ողջունեց «Բոլոր անոնք, որոնք ժողովուած են Սթոքհոլմի մէջ՝ 2025 թուականի համամիութենական շաբթուան համար, որ կը յիշատակէ 1925 թուականին կեանքի եւ աշխատանքի վերաբերեալ համընդհանուր քրիստոնէական համաժողովին հարիւրամեակը, ինչպէս նաեւ Նիկիոյ առաջին համամիութենական Ժողովի 1700 ամեակը, որ Քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ կարեւորագոյն իրադարձութիւն էր», նշեց Սրբազան Հայրը աւելցնելով « Այդ Տիեզերական ժողովը յատկանշուեցաւ որպէս միասնութեան քաջարի նշան տարաձայնութիւններէն ներս, առաջին վկայութիւնը այն համոզումին, որ մեր կիսած դաւանանքը կարող է յաղթահարել բաժանումը եւ խթանել հաղորդութիւնը։ Նմանատիպ փափաք մը ոգեւորեց 1925 թուականին Համաժողովը, որ գումարուեցաւ, համամիութենական շարժումի առաջին ռահվիրայ Ուփսալայի Լութերականներուն արքեպիսկոպոս Նաթասն Սոտելպորնի օրով։ Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին, Օրթոտոքսներուն, Անկլիքաններուն եւ Բողոքականներուն աւելի քան 600 առաջնորդներ։
Նորին Սրբութիւնը նշելով, թէ վերոյիշեալ հանդիպումին կաթողիկէ եկեղեցին ներկայացուած չ՝ըլլալով ուրախութեամբ եւ խոնարհութեամբ կը հաստատէ, որ «այսօր մենք ձեր հետ կանգնած ենք, որպէս Քրիստոսի առաքեալները, գիտակցելով, որ մեզ միաւորողը աւելի մեծ է քան բաժանողը»։
Անդրադարձ կատարելով Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին, Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ «Կաթողիկէ եկեղեցին ամբողջ սիրտով ողջագուրեց համամիութենական ուղեւորութիւնը» ու այս կապակցութեամբ յիշեց Համամիութենականութեան նուիրուած «Unitatis Redintegratio», փաստաթուղթը, « որ մեզ հրաւիրեց երկխօսելու խոնարհ եւ սիրոյ եղբայրութեան մը մէջ՝ հիմնուած մեր ընդհանուր մկրտութեան վրայ ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ կիսուած մեր առաքելութեան վրայ»։
«Մենք կը հաւատանք, որ Քրիստոսի կողմէ Իր եկեղեցւոյ համար ուզած միութիւնը պէտք է տեսանելի ըլլայ եւ որ այս միութիւնը պէտք է աճի աստուածաբանական երկխօսութեան միջոցաւ եւ երբ՝ հնարաւոր է՝ երկրպագութեան եւ մարդկութեան տառապանքներուն առջեւ համատեղ վկայութեան միջոցաւ ու այս կիսուած վկայութիւնը իր զօրաւոր արտայայտութիւնը կը գտնէ այս համամիութենական շաբթուան նիւթին մէջ, «Ժամանակ Աստուծոյ խաղաղութեան համար» գրեց Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ աշխարհի մէջ ի տես բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն առջեւ, « խաղաղութիւնը մարդկային նուաճում չէ, այլ Տիրոջ հետ ներկայութեան նշան»։
Համամիութեան հանդիպումներուն ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ. Պապը յիշեց 1989 թուականին, Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին Շուէտ կատարած առաջին այցելութիւնը, ուր դիմաւորուեցաւ Շուէտի եկեղեցւոյ առաջնորդ Արք Պէրթիլ Վերքսթրոմի կողմէ, Ուփփսալային մայր տաճարին առջեւ ։
«Այդ պահը յատկանշեց Կաթողիկէ-Լութերական յարաբերութիւններուն նոր գլուխը։ Անոր յաջորդեց Բարեփոխումի համատեղ յիշատակը Լունտի մէջ 2016 թուականին, երբ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը միացաւ Լուտերական առաջնորդներուն համատեղ աղօթքի մէջ։
Լեւոն ԺԴ. Պատգամը եզրափակեց իր ուրախութիւնը յայտնելով այդ ժողովին իր պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուելուն համար, որպէս Կաթողիկէ եկեղեցւոյ աղօթքի ուղեւորութիւնը շարունակելու յանձնառութեան նշան, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան՝ արդարութեան եւ բոլորին բարօրութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
