Լեւոն ԺԴ. Թող Սիրոյ առաքինութիւնը մշակուի ընտանիքներուն մէջ, որոնք վկայութեան եւ աջակցութեան կարիքը ունին։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 23 օգոստոսին, առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց «Միսիոներաս Հիժաս տէ Լա Սակրատա Ֆամիլիա տէ Նազարէթ», «Ֆիլիէ տի Նազարէթօ, Աբոսթոլէ տէլլա Սաքար Ֆամիլիա»,« Եղբայրսիրութեան Սրբուհի Մարիամ», չորս միաբանութիւններուն» անդամները, անոնց միաբանութեան տարեկան ընդհանուր ժողովի առթիւ։
Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Լեւոն ԺԴ. ողջունելով ներկաները նշեց, թէ տարեկան ընդհանուր ժողովները շնորհքի պահեր են, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ համար պարգեւ մը ու այս տարի գումարուած ժողովները տեղի ունեցան Յոյսի նուիրուած յոբելինական տարուան մէջ։
«Յոյսը, երբեք յուսախաբ չձգեր, «Փորձուած առաքինութիւն է, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը սփռուած է մեր մէջ՝ Սուրբ Հոգիով որ տրուեցաւ մեզի»։ (Հռոմ 5,5), ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով, որ Միաբանութիւններուն հիմքերը ծագած են Աստուծոյ հետ մարդոց եւ կանանց հանդիպումներէ, յառաջ տանելու համար Նազարեթի Սուրբ Ընտանիքի արժէքները, աղօթքի, սիրոյ եւ սրբութեան խորհրդանիշը։
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց կրօնաւորուհիները խորհրդածելու ընտանիքի կարեւորութեան մասին՝ յիշելով Յիսուսի, Մարիամի եւ Յովսէփի օրինակը եւ ընդգծեց ընտանիքի հիմնարար դերը այսօրուան հասարակութեան մէջ, որոնք կարիքը ունին աջակցութեան եւ վկայութեան։
Քահանայապետը յորդորեց կրօնաւորուհիները՝ վերականգնելու ընտանիքներուն ծառայելու եւ ընտանեկան արժէքները խթանելու իրենց նուիրուածութիւնը՝ աղօթքի, ունկնդրութեան եւ շօշափելի գործողութիւններուն միջոցաւ, որպէսզի սիրոյ առաքինութիւնը մշակուի տուներուն մէջ, նման Սուրբ Ընտանիքին մէջ։
Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց՝ շնորհակալութիւն յայտնելով աշխարհի մէջ անոնց մատուցած ծառայութեան համար, վստահեցնելով իր աղօթքը առ Աստուած ու հայցելով Տիրամօր եւ Սուրբ Յովսէփի բարեխօսութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
