Որոնել

Helsinki+50 Discussion in Helsinki

Լեւոն ԺԴ. թուիթով մը յիշեց Հելսինքիի փաստաթուղթի յիսուն ամեակը

Այսօր աւելի քան երբևէ կարևոր է պահպանել «Հելսինքիի Հոգին», շարունակել երկխօսութիւնը, ամրապնդել համագործակցութիւնը և դիւանագիտութիւնը դարձնել հակամարտութիւններու կանխարգիլման և լուծման նախընտրելի միջոց
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Այսօր՝ Հելսինքիի եզրափակիչ Արարքի ստորագրումէն յիսուն տարի անց, աւելի քան երբևէ կարևոր է պահպանել «Հելսինքիի Հոգին», շարունակել երկխօսութիւնը, ամրապնդել համագործակցութիւնը և դիւանագիտութիւնը դարձնել հակամարտութիւններու կանխարգիլման և լուծման նախընտրելի միջոց»։ Այս կը կարդանք Քահանայապետական ԻՔՍ ընկերային ցանցին վրայ Լեւոն ԺԴ. Պապի հրապարակած գրութեան մէջ, որուն պարունակութիւնը քաղուած է անցեալ չորեքշաբթի օր, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին ուղղած կոչէն, որուն մէջ ան ի միջի այլոց անդրադարձած էր նաեւ Հելսինքիի համաժողովին Սուրբ Աթոռին գործօն մասնակցութեան, նպաստելով խաղաղութեան նկատմամբ քաղաքական եւ բարոյական յանձնառութեան խթանման։

1975-ին ստորագրուած Հելսինքիի եզրափակիչ փաստաթուղթը Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքիի մէջ կայացած «Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան և համագործակցութեան համաժողովի» եզրափակիչ փաստաթուղթն է, որ արգասաւորուած է 35 պետութիւններու ղեկավարներու կողմէ, որոնց շարքին նաեւ Միացեալ Նահանգները, ԽՍՀՄ-ի և Եւրոպական  պետութիւնները (բացի Ալպանիայէն և Անտորայէն)։ Ան նպատակ ունէր բարելաւել արևմտեան և Վարշավեան պայմանագրի երկիրներու միջև յարաբերութիւնները։

Այդ փաստաթուղթով սահմանուեցան ընդհանուր սկզբունքներ հայող մարդու հիմնարար իրաւունքներու, պետութիւններու միջև համագործակցութեան, պետութիւններու ինքնիշխանութեան և տարածքային ամբողջականութիւն, ժողովուրդներու ինքնորոշմանև այլ հացերու վերաբերեալ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2025, 13:00