Որոնել

2025.05.22 cardinale Estanislao Esteban Karlic, arcivescovo emerito di Paraná

Լեւոն ԺԴ.-ի ցաւակցական գիրը Կարդինալ Էսթանիզլաօ Էսթեպան Քարլիչի մահուան առիթով

«Ես յարգանքով կը յիշեմ այս անձնուրաց և ազնիւ հովիւը, որ երկար տարիներ և մեծ հաւատարմութեամբ իր կեանքը նուիրեց Աստծոյ և Եկեղեցւոյ ծառայութեան՝ Աւետարանի լոյսը տանելով կեանքի և մշակոյթի զանազան ոլորտներէն ներս» գրած է Սրբազան Պապը հեռագիրին մէջ նշելով` թէ հանգուցեալը ծառայեց որպէս քահանայ և եպիսկոպոս Քորտոպայի և Փարանայի արքեպիսկոպոսութիւններուն մէջ և երկու անընդհատ ժամկէտով եղաւ Արժանթինի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահը, հիւրընկալելով իր նախորդը՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ը:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Փարանայի Արքեպիսկոպոս Գերապ. Ռաուլ Մարթինին, Թեմի վաստակաւոր Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Էսթանիզլաօ Էսթեպան Քարլիչի մահուան առիթով, որուն մէջ իր ցաւակցութիւնները կ՜արտայայտէ եպիսկոպոսին Անորմէ խնդրելով որ զանոնք փոխանցէ համայն եկեղեցական համայնքին։

«Ես յարգանքով կը յիշեմ այս անձնուրաց և ազնիւ հովիւը, որ երկար տարիներ և մեծ հաւատարմութեամբ իր կեանքը նուիրեց Աստծոյ և Եկեղեցւոյ ծառայութեան՝ Աւետարանի լոյսը տանելով կեանքի և մշակոյթի զանազան ոլորտներէն ներս» գրած է Սրբազան Պապը հեռագիրին մէջ նշելով` թէ հանգուցեալը ծառայեց որպէս քահանայ և եպիսկոպոս Քորտոպայի և Փարանայի արքեպիսկոպոսութիւններուն մէջ և երկու անընդհատ ժամկէտով եղաւ Արժանթինի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահը, հիւրընկալելով իր նախորդը՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ը, այդ երկիր կատարած իր առաքելական ճամբորդութեան ժամանակ:

«Բացի այդ, բազմաթիւ այլ հովուական տեղական, ազգային և ցամաքային պարտականութիւններու ու նախաձեռնութիւններու շարքին,Ան առատաձեռնօրէն նուիրուեցաւ տիեզերական եկեղեցւոյ ծառայութեան՝ ըլլալով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի մշակման համագործակիցներէն մին» գրած է հուսկ Նորին Սրբութիւնը գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ` հանգուցեալի «հաւատքի կեանքի եւ Եկեղեցւոյ հանդէպ խոր սիրոյն համար»։

Հայցելով ապա, որ Տէրը անոր պարգեւէ յաւիտենական հանգիստ եւ փառքի պսակը, Սրբազան Պապը զայն վստահած է Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան եւ ի սրտէ իր առաքելական օրհնութիւնը փոխանցած է բոլորին՝ որպէս յարութիւն առած Տիրոջ հանդէպ քրիստոնէական յոյսի նշան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2025, 19:23