Լեւոն ԺԴ. այցելեց «Մատոննա Տելլէ Կրացիէ» սրբավայրը
Այսօր՝ օգոստոս 19ին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը առանձնական այցելութիւն կատարեց Փալեսթրինա թեմի Կուատայնոլօ տի Քափրանիքա գիւղի Մենթորելլային Տիրամօր սրբավայրին։ Այս մասին լուրը տարածեց Քահանայապետական Տան Հոգաբարձութիւնը։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է որ Սրբավայրին մէջ աղօթելէ ետք, Քահանայապետը հանիդպեցաւ այնտեղ ծառայող Լեհ Ռէզուրէցիոնիսթի» միաբանութեան կրօնաւորներուն հետ որոնք կը ոգեւորեն սրբավայրը ապա վերադարձաւ Քասթել Կանտոլֆօ։ Նախատեսուած է որ այսօր երեկոյեան Քահանայապետը Վատիկան վերադառնայ՝ իր ամառնային նստավայրին մէջ վեց օր մնալէ ետք։
Սրբավայրը
ժայռերու միջեւ կանգնած սրբավայրը կը գտնուի Փրէնէսթինի Լեռներու արեւելեան լանջին՝ մէկ ժայրի վրայ, որ գրեթէ կտրուկ կերպով կ՝իջնէ դէպի կանանչապատ Ճովենացանօ հովիտը։ Լացիօ մարզի ամենաբարձր շրջանին՝ Կուտայնոլօ լերան գագաթին վրայ կանգնուած է Սուրբ Փրկչին վեհաշուք արձանը՝ 19 դարու վերջաւորութեան Լեւոն ԺԳ. Պապին կողմէ։ Հին առասպելներուն համաձայն սրբավայրի հիմնադրումը կապուած է Կոստանդիանոս կայսրի ժամանակներուն հետ։ Այդ վայրը եղած Սուրբ Պենետիկտոսի աղօթքի վայրը, ուր պահպանուած է այն քարայրը, որուն մէջ կ՝ապրէին Սուրբ Պենետիկտոս ու Սո Մեծն Սուրբ Գրիգորը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
