Որոնել

2025.08.27 Udienza Generale

Քահանայապետին ողջոյնն ու օրհնութիւնը հրապարակի վրայ ու սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ գտնուող ուխտաւորներուն

«Շատ անգամ կեանքին մէջ մենք կը փափաքինք անմիջական լուծում մը գտնել, բայց որոշ պատճառներու բերումով Աստուած մեզի սպասել կու տայ։ Եւ այս բանէն մենք շատ բան ունինք սորվելու» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով, որ Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ, թէ մենք պէտք է միշտ ունենանք այն վստահութիւնը որ կու գայ այն գիտակցութենէն թէ մենք Աստուծոյ զաւակներն ենք ու թէ Աստուած միշտ մեզի իր շնորհքը կը պարգեւէ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր եւս ինչպէս նախորդ շաբաթներուն Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Հռոմի մէջ տակաւին տիրող տաքի պատճառաւ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը գլխաւորեց Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, ուր ներկայ էին հազարաւոր հաւատացեալներ, մինչ այլ հազարաւորներ, որոնք տեղ չէին կրցած գտնել այնտեղ, ունկնդրութեան հետեւեցան սրահէն դուրս գտնուող «Փեթրիանօ» ներքնաբակին վրայ զետեղուած ինչպէս նաեւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գտնուող պաստառներու միջոցաւ։

Նախ քան Պօղոս Զ անուան սրահ մտնելը Նորին Սրբութիւնը «Փեթրիանօ» բակին վրայ գտնուող հաւատացեալները ողջունելով խոստացաւ, որ աւարտին դարձեալ պիտի հանդիպէր իրենց, եւ իրապէս ունկնդրութեան աւարտին Ան դուրս գալով սրահէն շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն անոնց համբերութեան համար ու հրաւիրեց նորոգել իրենց հաւատքը` յիշելով այսօր յիշատակուող Սուրբ Օգոստինոսի մայր Սրբուհի Մոնիքայի ծիսական տօնը։

Սրբազան Պապը իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելէ ետք փոխադրուեցաւ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքա, ուր հաւատացեալներու այս խումբ մը զինք կը սպասէր եւ այնտեղ եւս ողջոյնի խօսք մը ուղղեց ներկաներուն, իտալերէն, սպաներէն եւ անգլերէն լեզուներով, շնորհակալութիւն յայտնելով համբերութեան համար ու այդ համբերութիւնը համարելով նշան Աստուծոյ հոգիի ներկայութեան։

«Շատ անգամ կեանքին մէջ մենք կը փափաքինք անմիջական լուծում մը գտնել, բայց որոշ պատճառներու բերումով Աստուած մեզի սպասել կու տայ։ Եւ այս բանէն մենք շատ բան ունինք սորվելու» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով, որ «Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ, թէ մենք պէտք է միշտ ունենանք այն վստահութիւնը, որ կու գայ այն գիտակցութենէն թէ մենք Աստուծոյ զաւակներն ենք ու թէ Աստուած միշտ մեզի իր շնորհքը կը պարգեւէ»։

«Միշտ ալ չէ` որ ցաւը կը փառատի, միշտ չէ որ տառապանքը կ՛անհետանայ բայց Աստուած միշտ մեր հետն է ու մենք պէտք է նորոգենք այս հաւատքը» աւելցուց Քահանայապետը  ապա ներկաներուն վրայ հայցեց Աստուծոյ օրհնութիւնը, խնդրելով որ Ան օգնէ մեզի «որպէսզի ըլլանք մէկ ընտանիք, հաւատքի հաղորդութիւն, որ մեզ կը դարձնէ վկայութիւն մը` աշխարհի մէջ Աստուծոյ սիրոյն ներկայութեան»։

«Այժմ օրհնութիւնս կու տամ բոլորիդ խնդրելով Տիրոջմէ, որ Անոր շնորհքը, սէրը և ողորմութիւնը իջնեն ձեզմէ իւրաքանչիւրին վրայ» ըսաւ ապա Քահանայապետը իր օրհնութիւնը տալով բոլորին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2025, 13:20