Որոնել

2025.08.06 Udienza Generale

Սրբազան Պապին ողջոյնի խօսքերը հրապարակային ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալներուն

«Այսօր Եկեղեցին (Լատին) կը յիշատակէ Տիրոջ Այլակերպութեան տօնը, բացուինք Քրիստոսին ու հետեւինք Անոր Խօսքին, որպէսզի Ան լուսաւորէ ու կերպարանափոխէ մեր կեանքերը։ Այդպիսով մենք կարող կ՛ըլլանք անոր լոյսը ցոլացնել աշխարհի մէջ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 6 օգոստոս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, օրուան խորհրդածութիւնը ներկայացնելէն ետքը, զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալ ուխտաւորները որոնզ շարքին նաեւ բազմաթիւ երիտասարդներ որոնք անցեալ օրերուն մասնակցեցան Երիտասարդներու Յոբելենական ուխտագնացութեան։

Պատրաստել աւելի լաւ ու եղբայրական աշխարհ մը

«Ուրախութեամբ կ՛ողջունեմ Պուրքինա Ֆազոյի եւ Նիճերի երիտասարդներու պատուիրակութիւնները` որոնք Հռոմ եկած են Երիտասարդներու Յոբելեանին առիթով։ Կ՛ուզեմ նորոգել իմ աղօթքս ձեր երկիրներուն համար։ Այստեղ եկաք որպէս Յոյսի ուխտաւորներ։ Յառաջ գացէք, յոյսը յուսախաբ չի թողուր, դուք որպէս խաղաղութեան եւ հաշտութեան արհեստաւորներ ամէն բան ունիք պատրաստելու համար աւելի լաւ ու եղբայրական աշխարհ մը» ըսաւ Ֆրանսախօս հաւատացեալներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը։

Տիրոջ Այլակերպութեան տօնը

Ան ապա յիշեց որ այսօր Եկեղեցին (Լատին) կը յիշատակէ Տիրոջ Այլակերպութեան տօնը, ու հրաւիրեց բացուիլ Քրիստոսին ու հետեւիլ Անոր Խօսքին, որպէսզի Ան լուսաւորէ ու կերպարանափոխէ մեր կեանքերը։ «Այդպիսով մենք կարող կ՛ըլլանք Անոր լոյսը ցոլացնելու աշխարհի մէջ» նշեց Նորին Սրբութիւնը գերմանացի հաւատացեալներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ իսկ Լեհ ուխտաւորները ողջունելով Ան նշեց` թէ «Յիսուս կը փափաքի մարդուն ուրախութիւնը, սակայն կը սպասէ շօշափելի պատասխանի մը ու սրտի յանձնառում մը»։

Ողջունելով հուսկ անգլերէն լեզուի ուխտաւորները Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ամարային շրջանի արձակուրդներուն որոնց ընթացքին յորդորեց չ՛անտեսել Տիրոջ հրաւէրը` «մեր սրտերը պատրաստելու մասնակցելով Սուրբ պատարագին եւ կատարելով բարեգործութեան վեհանձն արարքներ»։

Քահանայապետը ապա յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն, մաղթելով` որ Տիրոջ այլակերպուած լուսաւոր դէմքը իրենց համար ըլլայ յոյսի եւ սփոփանքի դրդապատճառ»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2025, 10:58