Որոնել

Նորին Սրբութեան ողջոյնները ու հանդիպումը Պօղոս Զ անուան դահլիճէն դուրս գտնուող ուխտաւորներուն հետ

Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ունկնդրութեան մասնակցող Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գտնուող հաւատացեալները, դուրս եկաւ ու ողջունեց նաեւ դահլիճէն դուրս եւ Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գտնուող հազարաւոր հաւատացեալները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Սուրբ Մասսիմիլիանօ Քոլպէի ծիսական տօնի նախօրէին ձեզ կը քաջալերեմ օրինակ քաղելու անոր մերձաւորին ի սպաս զոհաբերումի հերոսական վարուելակերպէն։ Անոր բարեխօսութեամբ Աստուծմէ հայցենք, որ խաղաղութիւն պարգեւէ համայն ժողովուրդներուն, որոնք կ՛ապրին պատերազմի ողբերգութիւնը»։ Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը սոյն խօսքերը արտասանեց չորեքշաբթի` 13 օգոստոսին գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութենէն ետքը, երբ ան տարբեր լեզուներով ողջունեց ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալները եւ այս պարագային Լեհ ուխտաւորները։

Աստուածային ներումը մեզ ալ դարձնէ ողորմած

Քահանայապետը ապա ֆրանսախօս հաւատացեալներուն ուղղած խօսին մէջ ըսաւ. «Աստուծոյ հետ ոչ մէկ բան անկարելի է, կեանքը կը յաղթէ մահուան եւ շնորհքը մեղքին. Խորապէս ապրինք հաշտութեան Խորհուրդը, որպէսզի մեր Անոր հետ յարաբերութիւնը ըլլայ կենսունակ մեր դաւաճանութիւններէն անդին։ Թող որ աստուածային ներումը մեզ ալ դարձնէ ողորմած մեր եղբայրներուն նկատմամբ»։

Ան ապա Գերմանացի ուխտաւորները հրաւիրեց ապաւինելու Սուրբ Կոյս Մարիամին` որուն վերափոխման տօնը պիտի յիշատակուի յառաջիկայ ուրբաթ օր, որպէսզի հետեւելով անոր լիակատար հաւատարմութեան օրինակին` մեզի ալ հասանելի ըլլայ Երկնքի փառքը։

Սիրտը բանալ Տիրոջ

Ջերմօրէն ողջունելով հուսկ սպանացի ուխտաւորները Սրբազան Պապը հրաւիրեց զանոնք Տէր Յիսուսէն խնդրելու խոնարհ սիրտ մը, որ բաց ըլլայ Անոր շնորհքին, որպէսզի, այնպէս ինչպէս կ՛ընենք Սուրբ Հաղորդութեան ժամանակ, Ան պատրաստ ըլլայ ընդունելու մեր սխալները, «խնդրենք ներում և ամէն օր վերստին սկսինք՝ վստահ ըլլալով , որ մենք անսահման կերպով սիրուած ենք Անորմէ» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը, որ Արաբական աշխարհէն ժամանած հաւատացեալները եւս հրաւիրեց իրենց սիրտը բանալու Տիրոջ, «որ չի դադրիր մեզ սիրելէ, նաեւ մեր տկարութիւններուն հանդերձ, ու մեզի միշտ առիթ կու տայ դարձեալ վերսկսելու. Տէրը օրհնէ ձեզ բոլորդ ու ձեզ պաշտպանէ ամէն չարէ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Պապը։

Ան ի վերջոյ յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց հիւանդներուն, նորապսակներուն ու երիտասարդներուն, եւ յատուկէն անոնց որոնք կը մասնակցին «Giorgio La Pira» երիտասարդական միջազգային ճամբարին ու հրաւիրեց բոլորը` Սուրբ Կոյս Մարիամի Վերափոխման տօնի նախօրէին իրենց աղօթքը բարձրացնելու առ Սուրբ Կոյս, հետեւելով անոր օրինակին «լիովին ընդունելով Աստուծոյ հետ «մտերմութեան» և իւրաքանչիւր մարդու հոգ տանելու կոչումը։

Հրապարակի վրայ գտնուող հաւատացելներուն ուղղած ողջոյնի խօսքը` շնորհակալութիւն ձեր համբերութեան համար

Այս ողջոյնի խօսքերէն ետքը Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը հանդիպելէ ետք Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գտնուող, եկեղեցականներու, անձնաւորութիւններու, ուխտաւորներու ու զանազան հաւատացեալներու խումբերու հետ դուրս եկաւ Դահլիճէն եւ ողջունեց դահլիճէն դուրս գտնուող հազարաւոր հաւատացեալները որոնք այնտեղ զետեղուած մեծ պաստառի միջոցաւ հետեւեցան ունկնդրութեան։

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց համբերութեան համար որ տաք արեւին տակ սպասեցին զինքը։ «Աստուած Օրհնէ ձեզ բոլորդ» ըսաւ Քահանայապետը եւ ձեռնուեցաւ այդ հաւատացեալներէն մի քանիներուն հետ։

Հրաւէր նորոգելու հաւատքը եւ յոյսի հոգին

Ան ապա փոխադրուեցաւ Սուրբ Պետրոս տաճար ու այլ հազարաւոր հաւատացեալները զինք կը սպասէին եւ տեղ չէին գտած Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ։

Այնտեղ եւս Քահանայապետը խօսքը ուղղելով ներկաներուն յիշեցուց որ Յիսուս երբեք մեզ չի լքեր ու թէ Ան մեզ կը հրաւիրէ դարձի` «որոնելու ճանապարհը որ մեզ դէպի իրեն կը տանի, դէպի Հայր Աստուած» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով այս պահը ապրիլ որպէս հաւատքի նորոգումի պահ մը` Սուրբ Պետրոսի ոտքին, նորոգելով նաեւ ըսաւ Ան «յոյսի ոգին որ այնքան կարեւոր Յոբելենական այս տարուայ ընթացքին»։

Սրբազան Պապը այս նոյն գաղափարը կրկնեց սպաներէն եւ անգլերէն լեզուներով ապա բոլորին շնորհեց իր օրհնութիւնը` Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Սրբոյ Հոգւոյն։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2025, 10:50