Լեւոն ԺԴ. Ուքրանիոյ մասին. Յոյս կայ, բայց պէտք է քրտնաջան աշխատիլ եւ շատ աղօթել։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Յոյս կայ, բայց մենք դեռ պէտք է քրտնաջան աշխատինք, շատ աղօթենք եւ իսկապէս փնտռենք առաջ երթալու ուղին՝ խաղաղութիւն գտնելու համար»։
Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւններուն աւարտին բանակցութիւններուն վերաբերեալ Լեւոն ԺԴ քահանայապետը նախ քան Վատիկան վերադառնալը այս խօսքերով պատասխանեց Քասթել Կանտոլֆոի Վիլլա Պարպերինի դիմաց իրեն սպասող լրագրողներուն իրենց ուղղած հարցումներուն։ Քահանայապետը իր ամառնային նստավայրը ձգեց մօտաւորապէս ժամը 21ին։ Մէկ ժամ առաջ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց փողոցը հաւաքուած բազմաթիւ հաւատացեալները։
Քահանայապետը խօսեցաւ ու պատասխանեց լրագրողներուն հարցումներուն։Աշխարհի որոշ ղեկավարներու հետ հնարաւոր հանդիպումներուն վերաբերեալ Ան ըսաւ, մէկու մը անընդհատ կը լսէ։ «Եկէք աղօթենք եւ փնտռենք առաջ երթալու ուղին» աւելցուց Ան։
Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ իր մնալու մասին՝ ուր յոյս ունի որ շուտով վերադառնայ, Քահանայապետը նշեց որ «Այնտեղ գտնուիլը օրհնութիւն է . Ես շատ գոհ եմ մարդոց հիւրընկալութենէն։ Ապա յիշեց Տիրամօր, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի շատ սիրելի սրբավայրի տուած այցելութիւնը։
Իր Քահանայապետութեան առաջին հարիւր օրերուն մասին հարցումին, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ անոնք «Աստուծոյ օրհնութիւնը» եղան։ « Ես շատ բան ստացայ, խորապէս կը հաւատամ Տիրոջ շնորհներուն եւ Ես շատ շնորհակալ եմ այս ընդունելութեան համար, որ ինծի տրուեցաւ։ Ես շնորհակալ եմ բոլորիդ» եզրափակեց քահանայապետը իր խօսքը՝ նախ քան Վատիկան վերադարձնող ինքնաշարժին հասնիլը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
