Որոնել

 Santa Maria della Rotonda սրբավայրը Santa Maria della Rotonda սրբավայրը  

Լեւոն ԺԴ. 17 օգոստոսի կէսօրուան ճաշը պիտի կիսէ աղքատներուն հետ «Borgo Laudato si’» աւանին մէջ

Առաւօտեան Նորին Սրբութիւնը աղքատներուն մասնակցութեան պատարագ պիտի մատուցէ Ալպանոյի Սանթա Մարիա Տելլա Ռոթոնտա սրբավայրին մէջ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աւետարանական խոր իմաստ ունեցող արարքով մը Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետը վաղը` Կիրակի 17 օգոստոսին, Ալպանոյի Սանթա Մարիա Տելլա Ռոթոնտա սրբավայրին մէջ աղքատներու մասնակցութեամբ կիրակնօրեայ պատարագը մատուցելէն ետքը, Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապեատական ամարանոցի «Borgo Laudato si’» աւանին մէջ կէսօրուան ճաշը պիտի կիսէ Ալպանոյի Քարիթասի կողմէ խնամուած աղքատներուն հետ։

Ձեռնարկը կազմակերպուած է Թեմական Քարիթասի եւ «Borgo Laudato si’» աւանի կամաւորներուն կողմէ։

«Տեղական ճաշարաններու կողմէ պատրաստուած այս ճաշը կը ներկայացնէ Հաղորդութեան շօշափելի ընդլայնումը՝ որ կոչ է՝ ծառայելու ամենախոցելիներուն, ինչպէս ըրաւ Յիսուս Վերջին ընթրիքի ժամանակ» կը կարդանք այս առիթով հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ։

«Սէրը Հաղորդութեան հանդէպ կը թարգմանուի ամենախոցելիներու ծառայութեամբ» յայտնեց «Գովեալ ըլլաս» աւանի գլխաւոր տնօրէն կարդինալ Ֆապիօ Պաճօ։

«Borgo Laudato si»-ն ծնունդ առած է Ֆրանչիսկոս Պապի երազէ մը՝ այն է ստեղծել տարածք մը, ուր համապարփակ բնապահպանութիւնը եւ ընկերային արդարութիւնը իրարու հանդիպին հաւատքին մէջ։

Սպասելով Աւանի պաշտօնական բացման արարողութիւնը ահա աղքատները կը հանդիսանան անոր պատուաւոր առաջին հիւրերը։ «Աւետարանական հիւրընկալութիւնը կը սկսի աղքատներէն», - յիշեց այս առիթով Հայր Մանուել Տորանդէսը « Laudato si» առաջադէմ կազմաւորման կեդրոնի վարչական տնօրէնը։

Իսկ ինչ կը հայի պատարագին ու Սրբավայրին յայտնենք որ Սրբավայրը ծնունդ առած է որպէս հռոմէական պարտէզ մը 94 թուականին որ 8-րդ դարուն մէջ կը դառնայ քրիստոնէական եկեղեցի: Աստուածածնայ հանդէպ պաշտամունքը, որ դարերու ընթացքին ամրապնդուած է համաճարակներու և աղէտներու ժամանակ, կը շարունակուի նաեւ այսօր՝ ներգաղթեալներու ներկայութեամբ, որոնք Սուրբ Կոյս Մարիամին մէջ կը գտնեն հոգևոր և յուզական յղում:



Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/08/2025, 07:54