Մարիամի բարեխօսութեան յանձնենք խաղաղութեան համար աղօթքը. Լեւոն ԺԴ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր կ՛ուզենք` Երկինք վերափոխուած Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան յանձնել խաղաղութեան համար մեր աղօթքը։ Ան որպէս Մայր, կը տառապի իր զաւակները տանջող չարիքներուն համար, յատկապէս փոքրիկներն ու տկարները». Այս խօսքերով է, որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ իր ողջոյնը Քասթել Կանտոլֆոյի Առաքելական Պալատի մուտքին արտասանած Մարեմեան աղօթքէն ետքը ակնարկելով Վերափոխման տօնի Վարդապետութեան հռչակումին, որ տեղի ունեցաւ մինչ «Բ. համաշխարհային պատերազմի ողբալի փորձառութիւնը տակաւին կ՛այրեր» որուն մէջ Պիոս ԺԲ. Պապը գրած էր. «Յուսանք, որ բոլոր անոնք, որոնք կը խոկան Մարիամի փառահեղ օրինակներու մասին, միշտ աւելիով համոզուին մարդկային կեանքի արժէքին նկատմամբ», յոյս յայտնելով, որ այլևս երբեք «մարդկային կեանքերու կոտորած տեղի չունենայ, պատերազմներ հրահրրելով» (Առաքելական Սահմանադրութիւն Munificentissimus Deus):
«Որքան այժմէական են այս խօսքերը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. նկատել տալով թէ «այսօր եւս, ցաւօք, մենք մեզ անզօր կը զգանք, աշխարհի մէջ բռնութեան տարածումին առջև, որ երթալով աւելի խուլ և անզգայուն է մարդկային ցանկացած ազդակի նկատմամբ։ Բայց եւ այնպէս պէտք չէ դադրինք յուսալէ. Աստուած աւելի մեծ է քան մարդոց մեղքերը։ Պէտք չէ յանձնուինք հակամարտութեան ու զէնքի տրամաբանութեան։ Մարիամին հետ միասին հաւատանք` որ Տէրը կը շարունակէ օգնութեան հասնիլ իր զաւակներուն, մեզի յիշեցնելով իր ողորմութիւնը։ Միայն այդ ողորմութեան մէջ է, որ կարելի է գտնել խաղաղութեան ուղին» յարեց Քահանայապետը ու իր ողջոյնը ուղղեց Մարեմեան Աղօթքին մասնակցող բոլոր ուխտաւորներուն անոնց մաղթելով բարի տօնակատարութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
