Որոնել

2025.08.09 semana social 2025. Peru

Ընկերային Շաբաթ Փերուի մէջ. Լևոն ԺԴ. Պապին պատգամը

Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն արձագանքելու ժամանակակից ժամանակներու՝ տնտեսական, մշակութային և քաղաքական մարտահրաւէրներուն՝ իսկական քրիստոնէական վկայութեամբ, որ հիմնուած է Աւետարանին վրայ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Փերույի մայրաքաղաք Լիմայի մէջ 14-էն 16 օգոստոս 2025-ին կայացած Ընկերային Շաբթուան առիթով Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղած է բոլոր մասնակցողներուն անոնց արտայայտելով իր հոգեւոր մօտիկութիւնը եւ իր գնահատանքը` ընկերային արդարութեան ոլորտէն ներս Փերույի Եկեղեցւոյ յանձնառումին համար։

Քահանայապետը յիշեց ապա Փերույի մէջ ապրուած հաւատքի խոր ժառանգութիւնը՝ ընդգծելով այդ երկրի «սրբութեան խտութիւնը»՝ շնորհիւ այնպիսի գործիչներու, ինչպիսիք են Լիմայի Սուրբ Ռոզան, Սուրբ Մարթին տէ Փոռեսը, Սուրբ Խուան Մասիասը և Սուրբ Օթորիպիօ տէ Մոկրովէյոն, որոնք բարեգործութեան, առաքելութեան և լուսանցայիններուն ի սպաս ծառայութեան փայլուն օրինակներ են։

Նորին Սրբութիւնը առ այդ կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն արձագանքելու ժամանակակից ժամանակներու՝ տնտեսական, մշակութային և քաղաքական մարտահրաւէրներուն՝ իսկական քրիստոնէական վկայութեամբ, որ հիմնուած է Աւետարանին վրայ։

Ան ապա հաստատեց` որ Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր ընկերային գործողութիւն պէտք է իր կենտրոնը ունենայ Քրիստոսը, քանի որ առանց Աւետարանը ամբողջութեամբ հռչակելու, վտանգը կայ որ նոյնիսկ ամենաազնիւ գործերը կարող են անբաւարար ըլլալ։

Լևոն ԺԴ. հուսկ յիշեցուց, որ չկան երկու տարբեր սէրեր՝ մէկը աղքատներուն համար, միւսը՝ Աստուծոյ, այլ միայն մէկ սէր, որ կը դրսևորուի նիւթական հացի և «Երկնային հացի» պարգեւին մէջ` որ է նոյնինքն Քրիստոս

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց իր առաքելական օրհնութեամբ բոլորը քաջալերելով յարատեւելու բարութեան գործին մէջ` այն վստահութեամբ որ պտուղները պիտի յայտնուին ճիշտ ժամանակին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2025, 08:00