Քահանայապետական պատգամ Սուրբ Ֆրանչեսքա Ռոմանայի Օպլաթներու 600-ամեակին առիթով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ` 15 օգոստոս 2025, Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխման տօնին օրը Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը պատգամ մը յղած է Սուրբ Ֆրանչեսքա Ռոմանայի Օպլաթներու միաբանութեան, անոր հիմնադրութեան 600 ամեակին առիթով
Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեց հիմնադիրին օրինակելի տիպարը որ եղած է մայր ու նուիրեալ միանձնուհի, որ 15 օգոստոս 1425-ին, ուրիշ ինը ընկերուհիներու հետ միասին իր կեանքը նուիրեց Աստուծոյ` ի սպաս աղքատներու ու թշուառներու ծառայութեան։
«Այս վեց դարերու ընթացքին ձեր հին կրօնական ընտանիքը, ոգեշնչուած արևմտեան վանականութեան մեծ հօր՝ Սուրբ Պենետիկտոսի կանոնով, եղած է գործունեայ բարեգործութեան դպրոց, հոգևորութեան աղբիւր և Քրիստոսին ու Եկեղեցւոյ ինքնազոհաբերութեան իտէալ» գրած է Սրբազան Պապը պատգամին մէջ ընդգծելով վանական համայնքին արժէքը ու խրախուսելով միաբանութեան անդամները քաջութեամբ շարունակելու իրենց առաքելութիւնը վառ պահելով իրենց շնորհապարգեւին կրակը` ժամանակակից աշխարհի մը մէջ, որ տակաւին կարիքը ունի լռութեան, աղօթքի եւ հիւրընկալութեան վայրերու։
«Սրբուհի Ֆրանչեսքա Ռոմանան, որ այդքան սիրուած է հաւատացեալներու կողմէ, կը շարունակէ մնալ փարոս, որ կը լուսաւորէ բոլոր դարերու հաւատացեալները՝ Քրիստոսի սիրող կրակը վառելով այսօրուան մարդու մէջ» նշած է Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ ակնարկելով Սրբուհի առաքինութիւններու մասին` անոր առաքելական եռանդը, հրեշտակներու հանդէպ հնազանդութիւնը և Եկեղեցւոյ միութեան ի սպաս անոր յանձնառում, որպէս այսօրուայ կրօնաւորուհիներու կեանքի ուղեցոյց։
«Կը խրախուսեմ ձեզ վերակենդանացնել ձեր խարիզման՝ վստահելով Սուրբ Հոգիի օգնութեան, որ, հակառակ ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն, կկարողանայ զօրացնել ձեզ և օգնել շարունակելու ձեր առաքելութիւնը՝ Եկեղեցւոյ բարօրութեան ի սպաս» գրած է Լեւոն ԺԴ. որ ապա պատգամը աւարտած է մաղթելով որ Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆորթունաթոյի աջակցութեամբ, միաբանութիւնը կարողանայ ապագային նայիլ յոյսով եւ հնազանդութեամբ։
Շնորհաւորելով Յոբելենական տօնախմբութիւնները Նորին Սրբութիւնը միաբանութեան անդամները յանձնած է Սուրբ Կողս Մարիամին ու Հռոմ Սուրբ Պաշտպաններուն բոլորին ուղարկելով իր օրհնութիւնները ու խնդրելով որ զինք յիշեց իրենց աղօթքներուն մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
